Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցաւ Լիբանանի խմբագիրներու սենտիքայի ընտրութիւն, որուն մասնակցեցան երկու ընտրացանկեր «Ազատ որոշում» ընտրացանկ եւ «Սենտիքայական միասնականութիւն» ընտրացանկ:
«Ազատ որոշում» ընտրացանկին կը նախագահէր սենտիքայի ներկայ նախագահ Էլիաս Աուն, իսկ «Սենտիքայական միասնականութիւն» ընտրացանկին` Ժոզեֆ Քըսսայֆի:
«Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5:00 տեղի ունեցած ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը եղաւ աննախընթաց:
Քուէարկելու իրաւունք ունեցող 727 անդամներէն 578-ն մասնակցեցան ընտրութեան` քուէարկութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը հասցնելով 88 առ հարիւրի:
«Սենտիքայական միասնականութիւն» ընտրացանկի անդամ 12 թեկնածուներէն 9-ն ընտրուեցան: Անոնք են. Ժոզեֆ Քըսսայֆի, Ժորժ Պքասինի, Ուասեֆ Աուատա, Ժորժ Շահին, Ալի Եուսեֆ, Սքարլեթ Հատտատ, Նաֆեզ Քաուուաս, Խալիլ Ֆլէյհան եւ Եումնա Ղարիպ, իսկ «Ազատ որոշում» ընտրացանկի թեկնածուներէն ընտրուեցան միայն երեքը` Էլիաս Աուն, Անտրէ Քասսաս եւ Հապիպ Շլուք:
Աւելի ուշ, Անտրէ Քասսաս ներկայացուց իր հրաժարականը` շեշտելով, որ ինք կը յարգէ երկրին օրինականութիւնը եւ այդ պատճառով ալ կը հրաժարի խմբագիրներու սենտիքայի վարչութենէն` մաղթելով, որ սենտիքան բոլորին ձգտումներուն համապատասխան գործէ:
Միւս կողմէ, «Ազատ որոշում» ընտրացանկի թեկնածու Տաուտ Ռամմալ մերժեց Քասսասի հրաժարականը` հաստատելով, որ օրինականութիւնը երկրին պատկանելիութեամբ եւ քաղաքացիական պետութեան հիմնումով կ՛ըլլայ եւ ոչ թէ համայնքային պատկանելիութեամբ:
Նշենք, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ խմբագիրներու սենտիքայի ընտրութիւններուն յաղթած թեկնածու Ժոզեֆ Քսսայֆիի հետ եւ շնորհաւորեց լրագրողները անոնց կատարած ընտրութիւններուն առիթով` այս իրադարձութիւնը կոչելով ժողովրդավարութեան հարսանիք:
Նախագահ Աուն յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր սենտիքային:



