Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Քորքըր յայտարարեց, թէ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Խալետ պըն Սալմանը երկրէն վտարելու շուրջ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան:
Ան աւելցուց, որ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութենէն ետք դեսպանին կատարած յայտարարութիւնները հաւաստի չեն:



