ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Իմ երազս յուզում է եւ գրականութիւն…:
ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Հեքիաթներու աշխարհէն ծնունդ առած հայորդի մըն էր Արա Արծրունի, որ ամիս մը առաջ վերադարձաւ իր բնօրրանը` Գերմարդոց աշխարհը, հոն վերստին ապրելու իր նոր կեանքը: Ճիշդ է, որ ան «դիպուած»-ով մը, մեզի` մարդկութեան եկած էր, պատմելու եւ փոխանցելու իր կեանքի ու փորձառութեան մանրապատումները:
Ան կը հաւատար, որ իր այս արարքով պիտի կարենայ իր շրջապատը հոգեփոխել եւ պայծառամտութեամբ զինել, որպէսզի մենք` սփիւռքահայեր ու ազգ մը ամբողջ, ինքնավստահութեամբ դիմագրաւենք կեանքի փոթորիկներն ու մարդ անհատի տհաճ ու վարկաբեկիչ վերաբերումները:
Միակ բանը, որ չէր գիտեր Արա Արծրունի, այդ ալ այն գեղեցկութիւնն էր, զոր մեզի ժառանգեց իբրեւ երազ ու գրականութիւն: Ան գրեց, որովհետեւ սիրեց գրիչը: Եղաւ արձակագիր ու թատերագիր, որովհետեւ հաւատաց գրականութեան ուժին ու պատգամին: Դարձաւ անկախ մտածող, որպէսզի թափանցէ մարդու ներաշխարհը ու հոնկէ դուրս բերէ ստորին եւ վատ զգայնութիւնները, վախերը, անտեղի ու անիմաստ մտմտուքները: Մուտք գործեց հրապարակագրական աշխարհ, որպէսզի հայօրէն ու անշահախնդրօրէն սեւով-ճերմակին վրայ արձանագրէ իր պայծառ մտքին ու ազնիւ հոգիին փայլատակումները:
Ու այսպէս աւելի քան կէս դար Արա Արծրունի անունը տողանցեց հայ իրականութեան մէջ` իբրեւ ազնուասիրտ գործարար, ծառայասէր անհատ, գաղութահայ կեանքի զանազան յանձնախումբերու մէջ իր ներդրումը ունեցած ժողովական, լիբանանահայութեան զարգացման ու բարգաւաճման թիկունք ու սատար կանգնող հայորդի, բայց մանաւանդ` հայ մամուլի զինուորագրեալ:
Փաստօրէն, իւրաքանչիւր հայորդի, որ մօտէն ճանչցած է Արա Արծրունին, անվարան կը վկայէ անոր անկաշառ նկարագրային գիծերուն, մարդկային անշպար բարեմասնութեան մասին, որոնց հաւատարիմ երկրպագուն մնաց մինչեւ վերջ:
Ու այս ճամբուն վրայ գրագէտ Արա Արծրունի, պահելու ու պահպանելու համար իր սկզբունքայնութիւնը, կառուցեց իր հոգիին ու մտքին սնունդ տուող տաճար մը, իսկ ինք եղաւ անոր քրմապետը: Անշուշտ, գիր ու գրականութիւն, միտք ու մշակոյթ սնուցող տաճար մը, որուն դռնէն ներս հազուագիւտ ուխտեալներ կրցած են մուտք գործել, իբրեւ հայ գրականութեան ջերմեռանդ պաշտպաններ:
Արա Արծրունի իր գրականութիւնը հաստատեց երկու ամրակուռ սիւներու վրայ` թատերգութիւն եւ հրապարակագրութիւն: Թէեւ իւրաքանչիւրին մէջ մնաց ինքնուրոյն, հարազատ եւ անկրկնելի, այդուամենայնիւ, անոնք եղան զիրար ամբողջացնող եւ հարստացնող երեւոյթներ:
Փաստօրէն, երբ կը խօսինք թատերագիր Արա Արծրունիի մասին, չենք կրնար մտահան ընել անոր հրապարակագիրի ուժեղ ազդեցութիւնը, հարցեր վերլուծելու եզակի մօտեցումը, ախտաճանաչում կատարելու եւ անոնց լուծումներ որոնելու պատրաստակամութիւնը, ներազգային կեանքի խորթութիւններն ու սին պատրանքները լոյսին բերելու ներքին մղումը, ազգային հակասական երեւոյթներու մասին յախուռն մօտեցումները եւ մասամբ նորին:
Ճիշդ է, որ Արա Արծրունի անհեթեթի թատրոնի հետեւող թատերագիրն է, որուն երկերուն քաջածանօթ անհատը, լաւապէս ըմբռնելէ ետք անոր ներքին աշխարհը, կրնայ անվարան հաստատել, որ անոր գրականութիւնը, խորքին մէջ, հեղինակի ներաշխարհէն ներս առկայ ուժեղ բախումներու եւ հոգեկան տառապանքներու արտայայտութիւնն են: Փաստօրէն, ան ստեղծած է իր գրողական միջավայրն ու մթնոլորտը (այլաբանական թէ անհեթեթի) եւ հաստատած է իր ապրումներուն եւ յոյզերուն շտեմարանը:
Հակառակ այն իրողութեան որ գրագէտը կ’արծարծէ իմաստասիրական, հոգեբանական թէ գոյութենական բարդ հարցեր, այդուհանդերձ, անոր մտքին ու հոգիին կիզակէտն է մարդ արարածը` իր հոգեխռով վիճակներով, արդի կեանքի վերիվայրումներով, ոգեղէնութեամբ ու գերմարդկային ձգտումներով:
Արա Արծրունի մարդը եւ գրողը կ՛ամբողջացնեն զիրար: Անոնք կ՛ապրին ու կ՛արարեն միասնաբար, ունին հասարակաց գիծեր ու երազներ: Անոնք յաճախակի բախումի մէջ են իրարու հետ` միշտ դէպի լաւագոյնին ձգտելու եւ իրարմով շնչաւորուելու: Ահա Գերմարդ հասկացողութեան, կեանք ու մահ բացատրութեան արծրունիական մօտեցումը:
Ի դէպ, գրողը իր վճիտ լեզուին, գեղագիտական ու գրականագիտական բարձր ուսմունքին, գեղարուեստական շունչին, պարզ ու հաղորդական ոճին շնորհիւ կրցած է ստեղծել իր գրականութեան երանգը, իտէալական աշխարհը:
Արդար է նշել, որ Արա Արծրունի, իր գրական բոլոր արտայայտութիւններուն մէջ մնացած է հեզ, արուեստական պչրանքներէ եւ ինքնահաւանութենէ հեռու, բայց մանաւանդ` ասպետական հոգիի տէր հեղինակութիւն, որով յատկանշուեցաւ ան իր շրջապատին մէջ եւ շատ-շատերու կողմէ:
Պէտք է հաստատել, որ գրագէտը իր արծարծած բարդ թեմաներուն կողքին, միշտ ալ անդրադարձաւ մարդ արարածի բնական կեանքի պահանջներուն. սիրոյ ու սեռային ակնկալութիւններ, հարուստի եւ աղքատի ապրելակերպ, մարդկային յոյզերու եւ ըմբռնումներու արտասովոր դրսեւորումներ եւ այլն:
Այլաբանական պատկերներ ստեղծելու վարպետ մըն էր Արա Արծրունի, որով ան յաջողեցաւ իր բոլոր մտատանջութիւններն ու ըսելիքները յայտնել: Ան չվարանեցաւ ըսելու մարդկային տկարութիւններն ու ազգային կեանքի մէջ պատահած խաղքութիւնները, ձեւով մը, անոր քննադատութեան արժանացան նշեալ բոլոր երեւոյթները: Ան յախուռն եւ անհանդուրժողի կեցուածքով լոյսին բերաւ այն բոլոր մտահոգութիւնները, թերացումներն ու սխալները, որոնք կ՛առնչուին հայ կեանքին, հայրենիքին, գաղութահայ թէ մարդկային աշխարհին:
Ան, իբրեւ իրաւ հրապարակագիր եւ սուր միտք ունեցող հայորդի` քննարկումի նիւթ դարձուց, ի հարկին քննադատեց ու խարազանեց ամէն ինչ, որ, ըստ իրեն, կը վնասէր հայ կեանքի առաւել զարգացման եւ յառաջդիմութեան:
Արա Արծրունի իր մշակած գրականութեամբ եղաւ այն տիպարը, որ բարձր պահեց հայ արժէքները, եղաւ թունդ հայրենասէրն ու մայրենի լեզուին հաւատաւոր ծառան: Ըլլալով կենսասէր մարդ, իր մանրապատումներուն մէջ արծարծեց կեանքի լաւ ու վատ երեւոյթները, կին-կեանք առնչութիւնները, սեռային խայտաբղէտ գրգիռներու ազդեցութիւնը, դրամի ուժը, անախորժ ստիպողութիւնները, աշխարհ-ազատութիւն-բանտ յարաբերակցութիւնը եւ այլն:
Գաղափարապաշտ էր ան, գաղափարի էութեան ջատագով: Իր հաւատոյ հանգանակին առանցքը` արդարադատութիւնն ու վեհանձնութիւնն էր: Ան իր ստեղծած գրական տիպարներուն շօշափելի դրսեւորումն էր, միշտ մարդկային ու անձնդիր, պահանջատէր ու յաւերժին ձգտող:
Ի զուր չէ, որ Արա Արծրունի հեռու մնաց միջակութենէ, զզուելի պատեհապաշտութենէ եւ քծնող մարդոցմէ: Ան կերտեց ինքզինք, իւրացուց լեզուներ եւ տիրակալեց գրականութեան լայն աշխարհին: Փորձեց միջազգային գրական հարթակներու եւ արժէքներու հմայքը ներառել հայ իրականութեան մէջ, հրապուրեց ու ջրդեղեց հայ գրականութիւնը:
Իրաւունք է ըսել, որ ան իր գեղատիպ հատորներով եւ խմբագրած գիրքերով ոռոգեց հայ մտքի անդաստանը եւ զայն օժտեց նորովի գրական շունչով:
Ան երազեց, միշտ երգեց, լուռ խոկաց առանց ծափի ու թմբուկի: Յաղթեց կեանքին, փշրեց պարտադրուած կապանքները, յուզուեցաւ ի տես անարդար վերաբերումներու, կռանեց կամքը, եղաւ իր գրականութեամբ լուսաւորեց իր երազներու ճանապարհը, որպէսզի անոնք օր մը իրականանան:
Ձայնակցելով իր տիպարներէն մէկուն կանչին, փափաքին ու հզօր ակնկալութեան. «Ես կ՛ուզեմ ապրիլ Մարդոց հետ` Գլխագի՛ր, Ամբողջական», այս առիթով հպարտօրէն կ՛ըսենք, որ դուն ալ, սիրելի՛ Արա, ապրեցար համեստօրէն եւ ստեղծագործ կիրքով, պայքարեցար յանուն իրաւին ու անկաշառին, կրցար ստեղծել հեքիաթներուդ աշխարհը ու հոն գահակալել առյաւէտ:
Կարմիր վարդ յիշատակիդ, բիւր երախտագիտութիւն անկախ մտածողիդ եւ բարի երթ յաւերժի ճամբորդ գրողիդ:


