ՄԱՐԱԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Ո՞վ է կամաւորը:
Կամաւորը այն յատուկ նկարագիրով օժտուած, ինքնամատոյց անձնաւորութիւնն է, որ իր ազատ կամքով, գիտակցաբար կը նուիրուի` ծառայելու նպատակի մը համար, որուն վսեմութեան կը հաւատայ, եւ որ կը գոհացնէ իր գաղափարական համոզումները:
Հաւատաւոր կամաւորը զերծ է նիւթական ակնկալիքէ, անոր ցանկութիւնը միայն ու միայն իր աշխատանքներուն արգասաբերութիւնն է: Ան մարդասիրական թէ բարեսիրական գործունէութեանց յառաջապահ մարտիկն է:
Կամաւոր գործունէութիւնը ժամանակակից պատմութեան նորաստեղծ յատկանիշ մը չէ, որ ընդհանրացած է մարդոց այլազան խաւերու մէջ, ընդհակառակը, ատիկա դարերու խորքէն եկող մարդկութեան ամենաազնիւ վարքագիծն է, որուն շնորհիւ, թերեւս, տակաւին կը գոյատեւէ մարդկային ցեղը:
Առ ի գնահատանք կամաւոր աշխատանքի հզօրութեան եւ ազդեցիկ հանգամանքին` Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը 1985-ին որոշեց ամէն դեկտեմբերի 5-ին նշել ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՕՐԸ: Հետեւաբար ամէն տարի այս թուականին տեղի կ’ունենան աշխարհատարած տօնախմբութիւններ, որոնց առընթեր, առիթը կ’ընծայուի կամաւորներուն ա՛լ աւելի ամրապնդուելու եւ լուսարձակի տակ առնելու իրենց դերակատարութիւնը աշխարհի ժողովուրդներուն բարգաւաճման նպաստող ծրագիրներու մշակման ու գործադրման մէջ:
Թէեւ ոչ պաշտօնական, միջազգային կարգ մը ուսումնասիրութիւններու համաձայն, շուրջ 109 միլիոն լիաժամ աշխատաւորներ ներգրաւուած են կամաւոր գործունէութեամբ, ասոնց 30 տոկոսը կը կազմեն կազմակերպութիւններ, իսկ 70 տոկոսը` անհատներ, եւ այս բոլորին 60 տոկոսը կիներ են:
Կամաւորին աշխատանքային անդաստանները անսահման են: Ան պատրաստ է ձեռնարկելու` սկսած ամենահամեստ ծառայութենէն սկսեալ մինչեւ ամենախրթինը, վսեմագոյնը, աշակերտական սեղաններու մատուցումներէն` զինուորագրում եւ հայրենիքի պաշտպանութիւն, ընկերային բարօրութեան նպաստումէն` աղէտներու գօտիներու փրկագործում, խնամատարութենէն` ազգապահպանութիւն:
Ահա նման տիպի նուիրեալ կամաւորն է Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շարքերուն մէջ գործող հայուհին: Ան քիչ մը կը տարբերի այլ կամաւորներէ. ան ազգի ուրոյն ժառանգութիւնը պահպանել ուխտած հայ կինն է: Ան ինքզինք ի սպաս դրած է ազգին բոլոր զաւակներուն անխտիր, մարդասիրական թէ բարեսիրական ծառայութեանց զուգահեռ դաստիարակչական, մշակութային ու կրթական ոլորտներուն մէջ իր ներդրումը կը բերէ:
Անոր նպատակը սուրբ է, ուղին դժնդակ, կամքը` անխորտակելի: Որովհետեւ ան քաջ գիտէ, որ իւրաքանչիւր ներդրում կը ծորի աղալու ջաղացքը հայապահպանման:
Ցաւ ի սիրտ յաճախ կ’անդրադառնանք, որ հասարակութեան մէջ կայ սխալ ըմբռնում ԼՕԽ-ականի դերակատարութեան մասին, այսպէս ըսած, ձեռնարկ կազմակերպող, հասոյթ ապահովող կիներու խմբակ: Սակայն չարաչար կը սխալին այսպէս մտածողները. արդեօ՞ք պատահեր է, որ օր մը հարց տան իրենք իրենց, թէ այս «խենթ» կիները ինչո՞ւ ձգած տուն ու տեղ` նման գործերով կը զբաղին, եւ թէ` հաւաքուած գումարները ո՞ւր կ’երթան:
Անհերքելի իրողութիւն է, չէ՞, առանց նիւթականի` անկարելի է որեւէ ծրագիրի իրագործում, ուստի հասութաբեր ձեռնարկները անխուսափելի են: Այդ գոյացած գումարները կը ծառայեն հայու անօթեւան թէ կարիքաւոր հատուածին ըլլան ծեր, երիտասարդ կամ ուսանող պարգեւելու պատսպարան, դեղորայք, խնամք, տաք ճաշ, կրթանպաստ եւ այլն:
ԼՕԽ-ականը այն համեստ ու «խենթ» կամաւորն է, որ կը գործէ ի պարծանս հայ ազգին, լռիկ մնջիկ, առանց բարձրաձայն քարոզչութեան: Թէ քուլիսներու ետին ի՜նչ հսկայ աշխատանք կը տարուի, ո՛չ ոք գիտէ, պայման չէ, որովհետեւ ԼՕԽ-ականին համար արդիւնքն է կարեւոր:
Մարդիկ յաճախ կ’ապշին, երբ պատահաբար առիթ կ’ունենան մօտէն ծանօթանալու ԼՕԽ-ի աշխատելադաշտի բազմազանութեան եւ կազմակերպական կարգ ու կանոնին: Բարեբախտաբար շատեր ազնուութիւնը կ’ունենան իրենց զարմանքն ու գնահատանքը անկեղծօրէն արտայայտուելու եւ ապա շարքերուն միանալու: Յարգա՛նք իրենց:
Հսկայ եւ լուրջ գործունէութեամբ է, որ կամաւոր հայուհին կը փաստէ ինքզինք: Հոն, ուր գործ կայ, սխալներ ալ կրնան ըլլալ, սակայն անուղղելի ոչինչ կայ: Ան կը սորվի ու կը սորվեցնէ, կը հաւաքէ ու կը բաշխէ, կ’առնէ ու կու տայ հազարապատիկ, կը նուիրէ ու կը նուիրուի այս հրաշագործ կամաւորը, որ մերթ գիտակցաբար ու մերթ անգիտակցաբար իր այրիի լուման կը դնէ ԼՕԽ-ի ազգապահպանութեան արկղին մէջ ու կ’անցնի:
Փոքր ու չնչին թուող այս գործունէութիւնը խորքին մէջ անգնահատելի է: ԼՕԽ-ականը` այս «խենթ» կամաւորը ինքզինք կը հատուցէ այսպէս` գործելով, գործելով եւ գործելով:
Ո՛չ ոք կը զգայ սրտի այն գոհունակութիւնը, որ ան կը զգայ, երբ ճիգերը կը պտղաբերին: Այս համեստ կամաւորին իրագործումները զարմանահար կ’ընէ թերահաւատները: Գիտէ՞ք` ինչո՛ւ, որովհետեւ ան գիտէ, իր առած իւրաքանչիւր քայլէն ետք կատարել ինքնաքննարկում, սրբագրել սխալները եւ ընթանալ միշտ առաջ:
Արդարեւ, Լիբանանահայ օգնութեան խաչը հայ կնոջ պարգեւած է այն պարարտ միջավայրը, ուր անոր բարեշնորհ առաքինութիւնները կը դրսեւորուին ու մայրական գուրգուրանքը, զերթ արեւաշող ճառագայթներու, կը ճաճանչէ յոյս ու լոյս սփռելով ազգին բոլոր զաւակներուն:
Թէկուզ հեշտ չէ ուղին այս «խենթ» կամաւորին` այս ԼՕԽ-ական հայուհիին, բայց կամքը կո՛ւռ է, նպատակը` սո՛ւրբ, գործը` սրտա՛նց:
Ուստի մաղթենք, որ`
Երթն իր ըլլայ միշտ բարի,
Ամէ՛ն չարիք խափանուի,
Նուաճէ նոր հորիզոններ,
Հասնի անհաս գագաթներ:
Պատի՛ւ մեր այս «խենթ» կամաւորին` այս ԼՕԽ-ական հայուհիին:
3 դեկտեմբեր 2018


