ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ
Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան կողմէ ամէն տարի դեկտեմբեր 5-ը կը նշուի որպէս «Կամաւորներու օր»` որդեգրելով տարբեր թեմա մը իւրաքանչիւր տարի: Այս ծրագիրը սկսած է 1985-էն ի վեր` քաջալերելու եւ գնահատելու կամաւոր աշխատանքը: Այս տարուան թեման է` անգլերէն «Volunteers build resilient communities», որ կը թարգմանուի` «Կամաւորները կը կերտեն տոկուն եւ կայուն համայնքներ»:
Սոյն օրը կամաւորներու աշխատանքը լուսարձակի տակ կ՛առնուի` զիրենք գնահատելու եւ միասնաբար ապրելու իրենց մարմնական եւ հոգեկան տագնապները, որոնք իրենց առօրեային մաս կը կազմեն, ինչպէս նաեւ` արժեւորելու եւ ցոյց տալու իրենց աշխատանքին ներուժը, համաշխարհային պահպանումով, եւ բարձրաձայն իրազեկում մը կամ արթնութիւն մը գոյացնելու անկարող միութիւններուն հանդէպ: Կամաւոր գործը այն գործերէն է, երբ անհատը կամ միութիւն մը իր ժամանակը կը տրամադրէ օգտակար դառնալու կարիքաւորին կամ միութեան մը` բարօրութեան եւ յաջողութեան նպատակով, առանց որեւէ նիւթական ակնկալութեան: Այդ աշխատանքը կ՛ըլլայ զանազան մարզերու մէջ` առողջապահական, տնտեսական, ուսումնական թէ քաղաքական:
Այս տարուան թեման հետաքրքրական է, սակայն տարօրինակ չէ, տրուած ըլլալով, որ ներկայիս կ՛ապրինք անկանոն եւ անբնական երեւոյթներ, կլիմայական փոփոխութիւններ, տնտեսական համաշխարհային հարցեր եւ անկումներ, ինչպէս նաեւ` քաղաքական ելեւէջներ, պատերազմ, բռնաբարութիւն եւ այլն: Այս բոլորին մէջ ներկայ է կամաւորը` օգնելու կարիքաւորին, հիւանդին, տկարին, բանտարկեալին, որպէսզի կայուն պահէ անոնց ընկերային շրջանակը: Համաշխարհային պահանջը եւ կարիքը հետզհետէ կը բազմապատկուին, եւ խիստ էական կը դառնան օգնութեան, բարօրութեան եւ խաղաղութեան աշխատանքները: Այսպէս, պատերազմի ժամանակ, երբ վայրագութիւն, բռնաբարութիւն, սով առօրեայ հարցեր կը դառնան, կամաւոր գործի պահանջը կ՛աւելնայ, եւ մարդասիրական հաստատութիւնները կ՛առաջնորդուին հոն, ուր կարիքը կայ: Վերջերս այս բոլորին ականատես եղանք Իրաքի, Սուրիոյ, նախապէս Լիբանանի, Պաղեստինի պատերազմներուն:
Այս աշխատանքը մեր հայ ժողովուրդի զաւակներուն համար սովորական ազգային պարտականութիւններ են բոլոր մարզերուն մէջ` եկեղեցական, քաղաքական, ընտանեկան, մշակութային թէ ուսումնական: Հայ կամաւորները պարկեշտօրէն կ՛աշխատին` առանց որեւէ ակնկալութեան, տրամադրելով իրենց անգին ժամանակը եւ զոհելով անձնական եւ ընտանեկան հաճոյքները: Օրինակելի են անոնք բոլորն ալ եւ բարձր նկարագրի տէր անձեր: Սակայն հոս դարձեալ յիշենք, որ մեր «հայ կամաւորները» ունին նաեւ «հայապահպանում»-ի ծանր աշխատանքը, որ սերունդէ սերունդ պարտաւոր են պահել, պաշտպանել եւ փոխանցել հայեցի դաստիարակութիւնը` յաջորդ սերունդներուն:
Այս առիթով ես կը շնորհաւորեմ բոլոր հայ կամաւորները, որոնց մէջ նաեւ` ՀՕՄ-ական եւ ԼՕԽ-ական բոլոր մեր ընկերուհիները, որոնց աշխատանքը հիացում եւ հմայք կը պատճառէ արտաքին աշխարհին: Իսկապէս անոնք մեծ յարգանքի արժանի են: Կը մաղթեմ, որ անոնք իրենց գիտակցութեամբ եւ բարձր հոգիով օրինակ դառնան ուրիշներու: Նաեւ կը շնորհաւորեմ լիբանանցի բոլոր կամաւորները, որոնք կ՛աշխատին Լիբանանի տարածքին, երկրին պետական, միջազգային եւ ոչ կառավարական միութիւններուն մէջ` զարկ տալով բարօրութեան եւ խաղաղութեան աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ` հետապնդելով մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան գործը, եւ որուն ընդմէջէն կնոջական արդար իրաւունքներու տուչութեան աշխատանքը բոլոր մարզերուն մէջ` քաղաքական, ընկերային, տնտեսական թէ առողջապահական:
Յարգա՛նք մեր կամաւորներուն:
Պէյրութ 18-11-2018


