Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտահերթ Ընտրութիւններուն Մասնակից Քաղաքական Ուժերու Ցանկերը Գլխաւորողները Իրենց Տեսակէտը Յայտնեցին Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մասին

December 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5 դեկտեմբերին Հ1 պատկերասփիւռի կայանէն ուղիղ սփռումով տեղի ունեցած է բանավէճ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն մասնակցող կուսակցութիւններու, դաշինքներու ցանկերը գլխաւորող թեկնածուներուն միջեւ, ինչ որ աննախընթաց է Հայաստանի ընտրական-նախընտրական մշակոյթին մէջ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն մասնակցող բոլոր քաղաքական ուժերը վստահ են` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը երկրի կարեւոր առաջնահերթութիւններէն է:

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան հաստատած է, որ Դաշնակցութիւնը Արցախի հարցը կը նկատէ ազգային գերխնդիր:

«Արցախի հարցը մեզի համար սրբութեան սրբոցն է: Մենք Արցախի  տագնապի լուծումը կը պատկերացնենք այնպէս, ինչպէս կը պատկերացնէ Արցախի ժողովուրդը: Սահմանադրութեան 175 յօդուածը կ՛ըսէ. «Մինչեւ Արցախի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութեան վերականգնումը եւ սահմաններու ճշգրտումը, հանրային իշխանութիւնը կ՛իրականացուի այն տարածքին մէջ, որ փաստացիօրէն կը գտնուի Արցախի Հանրապետութեան իրաւազօրութեան ներքեւ»: Այս կը նշանակէ, թէ սթաթիւս քոն չի կրնար փոխուիլ, այնքան ատեն որ չէ ճանչցուած Արցախի Հանրապետութիւնը, անոր անկախութիւնը, չէ վերականգնուած անոր տարածքային ամբողջականութիւնը: Ի գիտութիւն ըսեմ, որ խօսքը ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզին մասին է, այլ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին, որ ԼՂԻՄ գումարած Շահումեանի շրջանն է: Այսօր մենք ունինք Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ գտնուող մօտ 701 քառակուսի քիլոմեթր տարածք, որ գրաւեալ տարածք է Ազրպէյճանի կողմէ: Երբ Արցախի ժողովուրդը խօսի տարածքային ամբողջականութեան վերականգնման մասին, այդ մասին է, որ կը խօսի: Ուստի բանակցութիւններուն ընթացքին պէտք է ասով առաջնորդուիլ», յայտնած է Արմէն Ռուստամեան:

Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Վիգէն Սարգսեան համոզուած է, որ պէտք է շարունակել զինուած ուժերու արդիականացումը: «Մենք պէտք է շարունակենք շատ մեծ շեշտ դնել զինուած ուժերու արդիականացման վրայ: Մենք մշակած եւ ձգած ենք 7-ամեայ զարգացման ծրագիր, որ ամիսներու համաձայն կը նկարագրէ տարուելիք աշխատանքը: Յոյսով եմ, որ այժմ այդ կատարուելիքները կը գործադրուին», նշած է Վիգէն Սարգսեան: Ըստ անոր, ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնի կորուստը մեծ սխալ եղած է: «Ունինք խնդիր մեր դաշնակիցներուն հետ ճիշդ յարաբերութիւններ կառուցելու եւ գործընկերներուն բացատրելու, թէ ո՛ւր են այն կարմիր գիծերը, զորս չենք  կրնար անցնիլ», դիտել տուած է ՀՀԿ-ի ներկայացուցիչը:

Անդրադառնալով ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հարցին` «Իմ քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքի ցանկը գլխաւորող վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը երկար ժամանակ կեղծ նուաճումներով տարուած է: Նուաստացուցիչ երեւոյթ է, երբ ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի հովանիին տակ գտնուող կառոյցի երկիրները, Հայաստանի կառավարութեան լռութեան լոյսին տակ, կը զինեն Ազրպէյճանը: Մենք չենք կրնար լուռ եւ հնազանդ դիտորդի կարգավիճակով տեսնել, թէ ինչպէս ոմանք կը գործեն մեր պետական եւ ազգային շահերուն դէմ»: Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին` Փաշինեան յայտարարած է, թէ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է ըլլայ բանակցային կողմ, եւ որ առանց Արցախի Հանրապետութեան լիարժէք ներգրաւուածութեան, կարելի չէ խօսիլ հարցի որեւէ լուծման մասին: «Արցախի հարցը լուծողը ժողովուրդն է` Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդը», յայտարարած է ան:

 

Նախորդը

Տեղի Ունեցած Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

Յաջորդը

Հրանդ Մարգարեան. «Չհաւատա՛ք Անոր, Որ Ղարաբաղի Հարցով «Եթէ»-ներ Կ՛օգտագործէ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.