Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Կարելի Չէ Այդպէս Յարձակիլ Այն Մարդոց Վրայ, Որոնք Ազատամարտէն Անցած Են»

December 5, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախանցեալ օր Արմաւիր քաղաքի թիւ 1 մշակութային տան յարակից հրապարակին վրայ ՀՅԴ-ն հանրահաւաք կազմակերպած էր:

«Արցախի հարցը միշտ ալ բոլոր քաղաքական ուժերու օրակարգին վրայ եղած է, բայց քարոզարշաւի ժամանակ հարցը սրած է, քանի որ երկու յայտարարութիւն կատարուեցաւ, որ ուղղակի ապշեցուց ներկաները», լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ արցախեան տագնապը բերուած է քարոզարշաւի կիզակէտ:

Ան նշեց, որ խօսքը նախ Սասուն Միքայէլեանի յայտարարութեան մասին էր, թէ ապրիլեան յաղթանակը աւելի կարեւոր էր, քան ազատամարտը: Ասիկա, Ռուստամեանի խօսքով, անհեթեթութիւն է: «Ինչպէ՞ս կարելի է, որ ազատամարտէ անցած մարդը նման յայտարարութիւն կատարէ: Միւս յայտարարութիւնն ալ Փաշինեանը կատարեց` ըսելով, որ, իր զաւակէն  բացի, նախորդ ղեկավարներէն ոեւէ մէկուն զաւակը չէ ծառայած հայոց բանակին մէջ: Մարդիկ ալ սկսան պարզաբանել, որ, ոչ, մեր զաւակները ծառայած են: Ասիկա դարձաւ միջոց, որ Փաշինեանը յարձակի նաեւ այս մարդոց վրայ, թէ` ինչպէ՞ս դուք կը համարձակիք ըսածներուս  հակաճառել: Այսինքն` միւսները իրաւունք չունի՞ն ըսելու, որ մեր զաւակները ծառայած են բանակին մէջ, եւ եթէ կ՛ըսեն, այնպէս մը կը դրսեւորուի, որ Փաշինեանի դէմ յայտարարութիւններով կը ներկայանա՞ն», ըսաւ Ռուստամեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որո՞ւ տղաները ծառայած են հայոց բանակին մէջ, Ռուստամեանը ըսաւ, որ նախորդ բոլոր նախագահները արդէն յայտարարած են, որ իրենց տղաները ծառայած են: «Հիմա ինչպէ՞ս կարելի է յայտարարել` միայն իմ որդիս կը ծառայէ: Պրաւօ: Փառք ու պատիւ, որ ձեր որդին կը ծառայէ, բայց պէտք չէ այդ մասին անընդհատ կրկնել», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի յայտարարութեան` Ռուստամեան նշեց, որ ոչ թէ պէտք է գիտնանք, թէ մեզի ինչ կ՛առաջարկուի, ատիկա մեզի համար ընդունելի կ՛ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ, որմէ ետք  երթանք ժողովուրդին հարցնենք` կ՛ուզէ՞ք այս ճամբով, այլ պէտք է յստակ գիտակցինք, որ ժողովուրդը արդէն ըսած է, թէ ինչ կ՛ուզէ: «Արցախի ժողովուրդը իր հանրաքուէով` 175-րդ յօդուածով, ըսած է, թէ ինչպէս կը պատկերացնէ Ղարաբաղի հարցին լուծումը: Հրանդ  Մարգարեանն ալ այս կ՛ըսէ, որ յստակ են սահմանները, յստակ է` ի՛նչ պէտք է ընենք Ղարաբաղի հարցի լուծման առումով, որպէսզի բաւարարենք ժողովուրդին կամքը: Այդ կամքը արդէն յայտնի է` այդ կամքով պիտի առաջնորդուի՞ք, թէ՞ ոչ, այս մասին պէտք է խօսիլ», ըսաւ  Ռուստամեան:

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեան Ֆրետերիքա Մոկերինիի Հետ Քննարկած Է Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Օրակարգը

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու «Սու-25» Օդանաւ Մը Ջախջախուած Է Մարալիկի Լեռներուն Վրայ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.