Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Գրադարանին Բացումին Առիթով. «Այսօր Մենք Վկաներն Ենք Դէպի Յաղթանակ Առաջնորդող Հերոսական Քայլի Մը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

December 5, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ երեկոյեան բացումը կատարեց Սանայեհի մէջ կառուցուած Ազգային գրադարանի նոր շէնքին:

Բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան վարչապետ Սաատ Հարիրի, մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ համալսարաններու նախագահներ:

Այս առիթով նախագահ Աուն յայտնեց, որ երբ ոեւէ անհատ Ազգային գրադարանի պատմութիւնը ուսումնասիրէ եւ տեսնէ, թէ ինչպէ՛ս սկսած է գործել եւ ո՛ւր հասած է, միայն այն ատեն կրնայ գիտնալ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ երազ ունենալ եւ ճիգ ու ջանք թափել զայն իրականացնելու համար:

Նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց նաեւ արխիւի դրութիւնը` նկատել տալով, որ եթէ ան պատմութեան վկան է ու յիշողութեան պահակը, բայց նաեւ ապագայի շրջագիծն է: «Եւ ինչպէս ծանօթ է բոլորին, այն ժողովուրդները, որոնք յիշողութիւն չունին, իրենց սխալները կը կրկնեն», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ Լիբանանի մշակութային, քաղաքակրթական եւ համայնքային բազմազանութեան` ընդգծելով, որ անիկա Լիբանանի հարստութիւնն է:

Կեդրոնանալով բառերուն զօրութեան ու արժէքին վրայ` նախագահ Աուն կարեւոր նկատեց հանդարտ ու խաղաղ երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ նախորդ օրերուն հնչած խօսքերը ո՛չ միայն անհատի մը հասցէին վիրաւորական էին եւ չարիք հասցուցին, այլեւ` ամբողջ երկրին ու բնակիչներուն, առանց խտրութեան:

«Այդ խօսքերը կրնային ժամացոյցին սլաքները ետ տանիլ եւ քանդել երկրին ապահովական կայունութիւնը: Սակայն մենք ոչ մէկ կերպով թոյլ պիտի տանք ատիկա կատարել», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն ու անոր դէմ հետզհետէ շեշտուող սպառնալիքներուն դիմաց, պէտք է բոլոր լիբանանցիները միակամ գործեն` երկիրը իր այս վիճակէն դուրս բերելու համար:

Նախագահ Աուն հաստատեց գիրքերուն կարեւորութիւնը` նշելով, որ իւրաքանչիւր գիրքի պահպանումով մութին յաղթելու, քաղաքակիրթ մնալու եւ յառաջդիմելու յոյսը կը բարձրանայ: Ազգային գրադարանին բացումով այսօր մենք վկաներն ենք դէպի յաղթանակ առաջնորդող հերոսական քայլի մը:

Նշենք, որ նախագահ Աուն առաւօտեան նախագահական պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները:

Մեկնումի պահուն Ռիչըրտ նշեց նաեւ, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է հարաւային Լիբանանի իրադարձութիւնները եւ զօրակցութիւն յայտնած Լիբանանին` ընդգծելով կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան կազմութեան վերաբերող զարգացումները:

Նախորդը

Պասիլ. «Իրաքի Կառավարութեան Հետ Համաձայնեցանք Դէպի Սուրիա Եւ Իրաք Ցամաքային Ճամբան Վերաբանալ»

Յաջորդը

Քֆարքիլան Հիւսիսային Իսրայէլի Կապող Գետնափոր Փապուղիներու Բացայայտում

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.