Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ երէկ ընդունեց Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ նախկին նախարար Ղազի Արիտիի եւ երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուրի:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա:
Հանդիպումէն ետք Արիտի յայտնեց, որ հանդիպումը ընթացած է փոխադարձ հասկացողութեան, անկեղծութեան եւ յարաբերութիւնը շարունակելու յանձնառութեան մթնոլորտի մէջ:
Ան հաստատեց, որ այս հանդիպումը իրենց միջեւ առաջինը չէ, սակայն հաւանաբար յաւելեալ իմաստ կը ստանայ` նկատի ունենալով երկրին վկայած ներկայ պայմանները:
Արիտի ընդգծեց, որ իրենց համար կարեւորը երկրին ապահովական կայունութիւնն է` ընդգծելով, որ Լեռնալիբանանի մէջ քաղաքական բազմազանութիւնը կար եւ պիտի շարունակէ մնալ:
Ան շեշտեց, որ պէտք է միշտ պետութեան, պետական հաստատութիւններուն եւ դատական իշխանութիւններուն վստահիլ:
Իր կարգին Խալիլ յայտնեց, թէ իրենց միջեւ մեծագոյն հասարակ յայտարարը այն է, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը զերծ կացուցել որեւէ տեսակի ապահովական խախտումէ, ըլլայ ան Լեռնալիբանանի թէ ընդհանրապէս լիբանանեան հրապարակին վրայ:
«Ճիշդ է, որ քաղաքական տեսակէտները տարբեր են, սակայն միացեալ հոգը երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումն է», ըսաւ ան:
Խալիլ նշեց, որ կարգ մը քաղաքական եւ ապահովական պատասխանատուներու մօտ Հըզպալլայի միջամտութիւնը կը միտէր պահպանել երկրին կայունութիւնը, եւ իսկապէս ալ ան կրցաւ երկիրը հսկայ ցնցումէ մը փրկել:
«Մենք մեր համոզումները գաղտնի չենք պահեր եւ խորհուրդ տուինք վարչապետ Սաատ Հարիրիին ու ապահովական կառոյցի պետերուն, թէ Ժահիլիայի միջադէպը նուազագոյնը չէր սերտուած, իսկ առաւելագոյնը անխոհեմ քայլ մըն էր, որ կրնար երկիրը հսկայ մեծ աղէտի ենթարկել», հաստատեց ան:
Խալիլ հաստատեց, որ Լիբանան քաղաքական բազմազանութեան երկիր է եւ կարելի չէ ըսել, թէ քաղաքական մակարդակի վրայ այս կամ այն պատասխանատուն տարօրինակ երեւոյթ է, որովհետեւ միակ տարօրինակ երեւոյթը Իսրայէլն է եւ անոր օգտին գործակալութիւնը, որոնց դէմ պէտք է պայքարիլ:



