«Ֆեռարի-Չելընճ-2018»-ի, Ասիա – Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ ախոյեան հանդիսացած լիբանանցի Թենի Հաննա վաղը` երեքշաբթի, 4 դեկտեմբերին, «Լը Ռուայալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) կու տայ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան պիտի անդրադառնայ այս ախոյեանութեան ընթացքին իր ձեռք ձգած յաջողութեան` նշելով, թէ ինչպէ՞ս մուտք գործեց ինքնաշարժներու այս աշխարհին մէջ եւ թէ ի՞նչ են իր ապագայի ծրագիրները եւ իրականացնելիք երազներն ու նպատակները:



