Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակի Նշում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Մէջ

December 3, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանահայութեան երկրորդ հայրենիքին` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ նշուեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճին մէջ:

Ամբողջ շաբթուան ընթացքին, դասարաններու եւ միջանցքներու պատի թերթերուն վրայ կը տեսնուէին պատկերներ եւ գրութիւններ, որոնք կը ներկայացնէին անկախութեան պատմութիւնը եւ այն ղեկավարները, որոնք կերտեցին այդ  անկախութիւնը 22 նոյեմբեր 1943-ին:

Չորեքշաբթի, 21 նոյեմբերին վարժարանի աշակերտներուն կարգապահ շարքերուն դիմաց եւ Լիբանանի քայլերգին խրոխտ հնչիւններուն ներքեւ բակին մէջ բարձրացաւ Լիբանանի դրօշակը:

Օրուան ընթացքին նախակրթարանի  աշակերտները «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ իրենց դասընկերներուն ներկայացուցին օրուան թեմային պատշաճ յայտագիր մը: Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեց Զ. դասարանի աշակերտ Քրիստ Դարբինեան, որ խօսեցաւ լիբանանահայութեան երկրորդ հայրենիքին անկախութեան կարեւորութեան եւ անոր հանդէպ հաւատարմութեան ու պարտաւորութիւններու մասին:

Գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուցին Ե. եւ Զ. կարգերէն խումբ մը աշակերտներ, որոնք թատերական պատկերի մը ընդմէջէն` հայերէնով, արաբերէնով եւ անգլերէնով, փոխանցեցին անկախութեան պատմութիւնը, գովերգեցին Լիբանանը` երգերով եւ արտասանութիւններով ու խոստացան սիրելու պաշտպանել այս հայրենիքը:

Յայտագիրին մէջ իրենց բաժինը բերին նախակրթարանի բոլոր դասարանները: Բ. եւ Դ. կարգերը յաջորդաբար ներկայացուցին հայրենիքի նուիրուած արաբերէն երկու քերթուածներ: Իսկ Զ. դասարանը` անգլերէնով ասմունքեց անկախութեան գաղափարին նուիրուած կտոր մը: Գ. դասարանէն խումբ մը սրահը խանդավառեց լիբանանեան ազգագրական «զաժալ»-ով, որուն յաջորդեցին Ա. դասարանի փոքրիկները` ռազմական կշռոյթով տողանցքով մը` ներկայացնելով լիբանանեան բանակը: Անոնք նաեւ արտասանեցին արաբերէն բանաստեղծութիւն մը: Ապա, Ե. եւ Զ. կարգերու աշակերտներ ներկայացուցին հայրենասիրական փունջ մը երգեր:

Յայտագիրին վերջին բաժինով նախակրթարանի արաբերէնի դասատուներէն Էվլին Իուազ աշակերտներուն ներկայացուց սահիկներու ցուցադրութիւն մը, որ կը փոխանցէր Լիբանանի անկախութեան կերտումի եւ յայտարարութեան պատմութիւնը:

Մանկապարտէզի փոքրիկները, իրենց կարգին եւ իրենց ոճով տօնեցին անկախութիւնը: Անոնք իրենց բակին մէջ տողանցեցին դրօշակներով, իրենց ձեռքերուն հետքերով ներկեցին լիբանանեան դրօշը, զարդարեցին Լիբանանի քարտէսը, դրօշակին գոյներով ներկեցին իրենց այտերը, դիտեցին եւ լսեցին անկախութեան պատմութիւնը ներկայացնող սահիկներ եւ լիբանանեան դրօշակները իրենց հետ տուն տարին հպարտութեամբ:

Միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները ուրբաթ, 23 նոյեմբերին մասնակցեցան Ազգային վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին կողմէ ազգային վարժարաններու համար կազմակերպուած միացեալ ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ: Յայտագրին բացման խօսքը կատարեց Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի աշակերտուհի Շուշի Գոճայեան, որ շեշտը դրաւ հայ ժողովուրդի պայքարելու եւ վերապրելու կամքին հզօրութեան վրայ. ան դիտել տուաւ, որ Լիբանան ապաստան գտած հայերը յարգանք ու սէր ունին այս հայրենիքին հանդէպ, հպարտ են իրենց լիբանանցիութեամբ եւ ճիգ չեն խնայեր աշխատելու Լիբանան հայրենիքին բարօրութեան եւ վերելքին համար: Յայտագիրին մէջ բաժին ունեցան նաեւ Է. եւ ԺԱ. դասարաններու աշակերտներ, որոնք յաջորդաբար  լիբանանեան «զաժալ» եւ արաբերէնով քերթուած մը ներկայացուցին:

Նախորդը

Մեսրոպեանը Լիբանանի Անկախութեան Տօնը Նշեց Բազմատեսակ Ձեռնարկներով

Յաջորդը

Մշակութային Արձագանգ. «Քֆարնահում» Իրական Կեանքէ Առնուած Ժապաւէնը Իր Բազմակողմանի Մարդկային Երեսներով Արժանացաւ Քաննի Շարժապատկերի Միջազգային Փառատօնի Մրցանակին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.