Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Արտակարգ Նիստ. Անսարի Նախագահ Նեպիլ Պատըր 2 Ամիսով Կախակայուեցաւ

December 1, 2018
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը Վերտանի շրջանին մէջ գտնուող իր կեդրոնատեղիին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` ներկայութեամբ իր անդամներուն մեծամասնութեան:

Նիստէն բացակայեցան Ահմետ Քամարէտտին եւ Մազեն Քուպէյսի, ինչպէս նաեւ` Սըմաան Տուէյհի (ճամբորդած):

Ժողովականները խստիւ քննադատեցին հինգշաբթի, 29 նոյեմբերին ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին դիմաց կատարուած ոչ օրինական ցոյցը` նկատի ունենալով, որ որդեգրուած այս ձեւը կը տանի յաւելեալ խնդիրներու եւ նոյնիսկ բախումի` ցուցարարներուն եւ ապահովական ուժերուն միջեւ:

Ֆետերասիոնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց լիբանանցի իրաւարարներուն` աւելցնելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի անոնց դէմ որեւէ սպառնալիք ուղղելու:

Ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը 2 ամիսով կախակայեց Անսարի նախագահ Նեպիլ Պատըրը` կիրարկելով իր կանոնագիրին 3-էն 8-րդ կէտերը:

Անսար իր երթի բոլոր մրցումները պիտի կատարէ դռնփակ` առանց իր համակիրներուն: Օրէնքի որեւէ խախտումի պարագային կախակայումները պիտի աւելնան, եւ նոյնիսկ խումբը պիտի հռչակուի պարտուած` իր կատարած տուեալ մրցումին:

Բոլոր անոնք, որոնք ֆետերասիոնի անդամներուն եւ իրաւարարներուն դէմ սպառնալիքներ կ՛ուղղեն` ըսելով, որ անոնք մրցումներ «կը գնեն», պիտի ենթարկուին դատական հետապնդումի:

Ֆետերասիոնը հարցաքննութեան կանչեց Նըժմէի նախագահ` Ասաատ Սաքքալը եւ պատասխանատու Մազեն Խալետը` անոնցմէ իմանալու համար, թէ ի՞նչ յայտարարութիւններ կատարած են լրատուամիջոցներուն:

Վերջապէս, ֆետերասիոնը Ա. դասակարգի ակումբներուն նախագահներն ու պատասխանատուները հրաւիրեց յատուկ ժողովի մը, որ տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 5 դեկտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին:

 

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Անթուան Ղըրայեպի Անուան 6-րդ Մրցաշարքը Հասաւ Իր Աւարտին

Յաջորդը

Ֆութսալ. Լիբանանի Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Վաղը` Մաշաալ Պըտնայել – ՀՄԸՄ Պէյրութ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.