Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Փիւնիկ Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի նախկին յառաջապահ Արթուր Միրանեան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:
22 տարեկան Միրանեան շուրջ մէկ ամիս առաջ միացած էր Փիւնիկին, սակայն առանց պայմանագրութիւն ստորագրելու:
Միրանեան նախապէս մաս կազմած է մակեդոնական Վարտարին եւ Ուքրանիոյ ֆութպոլի պատանեկան հաւաքականին, ինչպէս նաեւ Շախտիոր Տոնեցքի (Ուքրանիա) սան եղած է:



