Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը ոչ սովորական է, որովհետեւ նախատեսուած չէ եղած կանոնակարգով: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Տումայի ԱՊՀ-ի հարցերով, եւրասիական համարկման եւ հայրենակիցներու հետ կապերու յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ, ԱՊՀ-ի երկիրներու հիմնարկի ղեկավար Քոնսթանթին Զաթուլինը:
«Կանոնակարգումները պիտի ձեւաւորուին ինքնին այս նախադէպէն ետք: Ես ՀԱՊԿ-ի աշխատակից չեմ, նշանակման հետ որեւէ առնչութիւն չունիմ: Դուք գիտէք իրավիճակը` Եուրի Խաչատուրովին ետ կանչուելէն ետք յառաջացաւ զինք փոխարինելու անհրաժեշտութիւն: Ինչպէս համաձայնեցան` 6 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ հարցի քննարկում: Ինծի համար դժուար է ըսել` ի՛նչ որոշում պիտի տան ՀԱՊԿ-ի ղեկավարները: Ես չէի ուզեր կրակի վրայ իւղ լեցնել, ըսել, թէ որո՛ւ ճիշդ պիտի ըլլար ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար նշանակել, որո՛ւն ճիշդ պիտի չըլլար», նշեց Զաթուլին:
Երեսփոխանին համաձայն, հայ-ռուսական ներկայ յարաբերութիւնները դաշնակցային են, եւ ոեւէ մէկը այս յարաբերութիւններու բնոյթը չի դներ հարցականի տակ:
«Յստակ է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը, այն, ինչ որ ընդունուած է ըսել յեղափոխութիւն, յանգեցուց խմբագրումներու ո՛չ միայն երկրի ներքին, այլ նաեւ` արտաքին օրակարգերուն մէջ», նշեց Զաթուլին:
Ըստ անոր, Հայաստանն ու Ռուսիան շարք մը ոլորտներու մէջ ունին համագործակցութիւն, սակայն առաւել կարեւոր է անվտանգութեան ոլորտին մէջ ունեցած համագործակցութիւնը:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մասին` Զաթուլին հարցուց` կա՞յ տագնապի լուծման ներկայ փուլ, ապա պատասխանեց. «Դադար առնուած է: Չեմ գիտեր որքանո՛վ ատիկա արդարացուած է: Կը կարծեմ, որ հաշուի առնելով այն, որ Հայաստանի մէջ ընտրութիւններ են: Ղարաբաղի հարցը չի կրնար սպասել, անիկա չի կրնար ետեւի դարակներուն մէջ դրուիլ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Ռուսիան Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններուն առաջարկած է պատժամիջոցներ կիրարկել Եւրոպական Միութեան դէմ, Քոնսթանթին Զաթուլին պատասխանեց. «Կը կարծեմ` ակնյայտ է, որ եթէ դրացի Եւրոպական Միութեան մէջ անդամ-երկիրները համամիտ չըլլալով կ՛ընդունին ընդհանուր տեսակէտը, ապա որեւէ միութիւն կը դառնայ միութիւն այն ժամանակ, երբ արտաքին սպառնալիքներուն, մարտահրաւէրներուն կ՛արձագանգէ միասնական կերպով»:



