Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ին. Արցախեան Արտադրութիւններու Եւ Ձեռագործներու Ցուցահանդէս-Վաճառք

December 1, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին, նախագահութեամբ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»-ին, ուրբաթ, 30 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը «Արցախեան տօնավաճառ»-ին:

Ցուցահանդէսի բացման ժապաւէնը կտրելէ ետք տեղի ունեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութիւն:

«Արցախ ֆոնտ»-ի անունով բացման խօսք արտասանեց Զաքար Քէշիշեան: Ան յայտնեց, որ Արցախի նկատմամբ լիբանանահայութեան սէրը, հաւատարմութիւնը, ծառայութիւնը եւ արցախեան շարժման մասնակցութիւնը եւ արցախեան շարժումը տարեկիցներ են: Անցնող 30-ամեակին արցախեան շարժման առաջին իսկ օրէն լիբանանահայութիւնը չզլացաւ իր ներկայութիւնը արցախեան շարժան տարաբնոյթ ոլորտներուն մէջ, ի հարկին արեան գնով: Զաքար Քէշիշեան անդրադարձաւ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած համահայկական դրամահաւաքին, որուն ճամբով լիբանանահայութիւնը եղաւ Գիւմրիի հետ: Ան նշեց, որ այս տօնավաճառը չորրորդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի, եւ անոր հասոյթը պիտի յատկացուի «Արցախ ֆոնտ»-ին ճամբով արցախեան զանազան ձեռնարկներուն: Զաքար Քէշիշեան թուեց վերջին տասնամեակին «Արցախ ֆոնտ»-ին գործունէութեան ուղղութիւնները արցախեան պետութեան հետ համախորհուրդ, ինչպէս` «Նոր կեանք, նոր յոյս» ծրագիրը, «Ասպետ» մարզահայրենասիրական ճամբարը, «Գոյք Արցախի դպրոցներուն» ծրագիրը եւ նաեւ այսօրուան ցուցանմուշները, որոնք արդիւնքն են «Արցախ ֆոնտ»-ի յառաջացուցած «Քաշաթաղի կանանց համագործակցական»-ի ծրագիրին, որ կը նպաստէ այդ համագործակցականին մէջ աշխատող կիներու ընտանեկան պիւտճէի գոյացման:

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոս արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը: Սրբազան հայրը նշեց, որ սփիւռքի տարածքին, երբ հայորդիներ ժամանակին կը հաւաքուէին, հարց կու տային, թէ քանի՞ հոգի Հայաստան գացած է: Իսկ ներկայիս հարցումը շրջուած է: Մեզմէ քանի՞ հոգի Հայաստան եւ Արցախ չէ գացած: Համեմատութիւնը մեծ է եւ ասիկա ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կապուածութիւնը մեր հայրենիքին:

Նարեկ սրբազան խօսեցաւ տօնավաճառին մասին եւ ըսաւ, թէ անիկա յստակ ընդգծում կ՛ընէ, որ ոչ թէ միայն Հայաստան եւ Արցախ կ՛երթանք, այլ նաեւ Հայաստանն ու Արցախը մեզի կու գան իրենց զանազան արտադրութիւններով եւ առիթ կը ստեղծեն, որ մեր նիւթաբարոյական նեցուկը արտայայտենք մեր հայրենիքի շինութեան, հզօրացման եւ ծաղկման: Ան գնահատեց «Արցախ ֆոնտ»-ի բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք Հայաստան – սփիւռք կապերը կը զօրացնեն եւ գործնական արտայայտութիւն կու տան մեր հայրենիքի կապուածութեան: Ան մաղթեց, որ այս զօրակցութիւնը ի գին անձնազոհողութեան եւ գործով ցոյց տանք` ընդգծելով, թէ հայրենիք եւ սփիւռք մէկ բռունցք են, ի պահանջեալ հարկին պայքարելու եւ միասնաբար գործելու մեր բոլորին բարօրութեան համար:

Այս առիթով Արցախի ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարար Սամուէլ Յովհաննիսեան պատկերասփռուած ուղերձով մը իր սրտի խօսքը ուղղեց: Ան իր գնահատանքը յայտնեց «Արցախ ֆոնտ»-ի «Նոր յոյս նոր կեանք» ծրագիրին առումով, որուն միջոցով բազմաթիւ ծրագիրներ կ՛իրագործուին: Համոզուած ըլլալով, որ հայոց հողն ու Արցախ աշխարհը կը գոյատեւեն միայն հայութեան համախմբուածութեամբ: Լիբանանահայութիւնը հետեւողականօրէն իր հանգանակած գումարները ի սպաս կը դնէ Արցախի վերաբնակեցման ու տնտեսական զարգացման, ինչպէս նաեւ  բազմազաւակութեան խթանման:

Ապա նախարարը ներկայացուց  կատարուած օժնադակութիւններուն թուային պատկերը` իրազեկ դարձնելով ներկաները կատարուած իրագործումներուն: 2018-ի տուեալներով ծրագիրէն օգտուող ընտանիքներու թիւը 107-ն է: Արցախի վերաբնակեցումը եւ տնտեսական զարգացումը անյետաձգելի հրամայական նկատելով` «Արցախ ֆոնտ»-ը 12 տարուան ընթացքին իր  «Նոր կեանք նոր յոյս» ծրագիրով սատարեց 1269  ընտանիքներու` անոնց յատկացնելով 207.389.000 դրամի տարբեր օգնութիւններ: Ան յաջողութիւն մաղթեց «Արցախ ֆոնտ»-ի բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով: Ան նշեց, որ «Արցախ ֆոնտ»-ի այս միջոցառումը իրօք իւրայատուկ է եւ խորհրդանշական, որովհետեւ Արցախի աջակցութեան մեծ եւ փոքր ծրագիրներ չկան, ցանկացած աջակցութիւն եւ օգնութեան ձեռք արդէն իսկ մեծ է: Այս տօնավաճառի կայացումը ո՛չ միայն նիւթական միջոցներ կը ստեղծէ Արցախին օգնելու համար, այլ նաեւ Արցախը ճանաչելի կը դարձնէ: Արցախը մեր հայրենիքի կարեւոր մասն է: Հայրենիքը պահելու եւ շէնացնելու, ապրեցնելու լաւագոյն ու միակ միջոցը այդ հողին վրայ ապրող մարդուն, հայուն արժանավայել կեանքի պայմաններու ստեղծումն է:

Դեսպանը իր գոհունակութիւնը յայտնեց նախանցեալ օր Հայաստանի նուիրուած ռատիոթոնին կազմակերպման առիթով եւ մասնայատուկ կերպով շեշտեց լիբանանահայութեան նուիրուածութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարի գաղափարներուն ու իր ներդրումը Արցախի  հետագայ ամրապնդման ու անկախութեան արմատաւորման եւ հայկական աշխարհի բարգաւաճման: Ապա յայտնեց, որ լիբանանայութեան երկրորդ նուիրածութիւնը նոր որակ ստացաւ, երբ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետարաններու եւ համապատասխանաբար Արցախի մէջ Մարտակերտի եւ Կովսականի միջեւ համագործակցութեան փաստաթուղթեր ստորագրուեցան, ինչ որ աւելի բարձր մակարդակի յարաբերութիւններու բովանդակութիւն կ՛ենթադրէ:

Դեսպան Մկրտչեան իր խօսքը եզրափակեց եւ ըսաւ, թէ լիբանանահայութեան այս նուիրուածութիւնը միայն յարգանքի եւ երախտիքի արժանի է:

Ապա ներկաները շրջագայեցան ու շատեր քաջալերեցին արցախեան արտադրութիւններն ու ձեռագործները` արժանի գնահատանք յայտնելով այս եզակի նախաձեռնութեան:

Այս ցուցահանդէսէն գոյացած հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Արցախ ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն:

Յայտնենք, որ արցախեան տօնավաճառը կը շարունակուի այսօր` շաբաթ, 1 եւ կիրակի, 2  դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-էն մինչեւ երկոյեան ժամը 8:00, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ:

 

Նախորդը

«Հայ Աշակերտ Հովանաւորելու Ծրագիր»-ի Մեկնարկը Սկսաւ 118.500 Ամերիկեան Տոլարի Հանգանակութեամբ

Յաջորդը

Հիմնադրամի Հանգանակութեան Առիթով. Ընդհանրական Հայութեան, Հողին Ու Հայուն Յաղթանակին Համար

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.