«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, գործող փոխախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ 100-83 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Օքլահոմա Սիթիէն:

Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք այս մրցումին իրագործեց թրիփըլ-տապըլ մը (23 կէտ, 19 ռիպաունտ, 15 էսիսթ):
30 տարեկան ամերիկացին, որ այսպիսով իրագործեց իր արհեստավարժ ասպարէզին, 107-րդ թրիփըլ-տապըլը, հաւասարեցաւ Ճէյսըն Քիտի հաստատած մրցանիշին:
Անոնցմէ աւելի շատ թրիփըլ-տապըլներ իրագործած են Օսքար Ռոպըրթսըն (181) եւ Մեճիք Ճոնսըն (138):
Երէկուան մրցումներուն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործեց նաեւ Ճէյմս Հարտեն (25 կէտ, 11 ռիպաունտ, 17 էսիսթ), թէեւ անոր կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, 128-108 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տալաս Մավըրիքսէն:


