Լիբանանի մէջ վիճակագրութեան դրութեան զօրակցելու ծրագիրի պատասխանատու յանձնախումբը երէկ գումարեց իր առաջին նիստը` նախագահութեամբ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն դոկտ. Մարալ Կիտանեանի եւ Լիբանանի մէջ իտալական բարգաւաճման կեդրոնի նախագահին:
Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան Հատաթի կեդրոնին մէջ գումարուած նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ Իտալիոյ վիճակագրական կառոյցի Հռոմի գրասենեակէն պատասխանատուներ:
Եռամեայ այս ծրագիրին կը զօրակցի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութիւնը, իսկ ծրագիրը կը ֆինանսաւորէ Իտալիոյ կառավարութիւնը` Լիբանանի մէջ իտալական բարգաւաճման կեդրոնին խողովակով:
Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իտալիոյ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած 733.411 եւրոյի գումարը պիտի յատկացուի հետեւեալ նպատակներուն իրագործումին.
Համակարգչային սարքաւորումի, վիճակագրութեան իտալական կառոյցին կողմէ տրամադրուելիք թեքնիք օժանդակութեան, որ կ՛ընդգրկէ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան հաստատութենական աշխատանքի բարգաւաճումը, Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան կեդրոնին համակարգչային աշխատանքի դրութեան բարելաւումը, Լիբանանի տարածքին վիճակագրութեան կեդրոններուն միջեւ տեղեկութիւններ փոխանակելու համակարգի դրութեան հաստատումը, վիճակագրութեան աշխատանքին մէջ օգտագործուող աշխարհագրական նոր ծրագիրներու ապահովումը, հաստատութենական ծրագրաւորումն ու գործառնութիւններու արդիականացումը, ինչպէս նաեւ ընկերային մարզին մէջ կատարուած վիճակագրութիւններու որակի բարելաւումը:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նշեալ արդիականացումին համար թեքնիք օժանդակութիւնը պիտի կատարուի Իտալիոյ վիճակագրութեան կեդրոնի պատասխանատուներուն Լիբանան տուած պարբերական եւ կարճ այցելութիւններուն շրջագիծին մէջ, որուն ընթացքին վարժողական ծրագիրներ պիտի կազմակերպուին Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան պաշտօնեաներուն համար, որոնք նաեւ պիտի այցելեն Վիճակագրութեան իտալական կառոյց` ծանօթանալու համար անոնց գործելաոճին:



