Ուքրանիոյ իշխանութիւնները մտադիր են միջազգային ընտանիքին դիմելու` Պոսֆորի նեղուցը ռուսական նաւերուն դիմաց փակելու հարցով: Ուքրանական ԵՈՒՆԻԱՆ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ուքրանիոյ ծովուժի հրամանատար Իկոր Վորոնչենքօ:
«Ես` իբրեւ ծովուժի հրամանատար, կը խնդրեմ եւ վստահութիւն կը յայտնեմ, որ միջազգային ընտանիքը, ամէն պարագայի, պիտի ընդունի այն որոշումը, որ Ուքրանիոյ պետութեան դէմ յարձակում գործուած է», ըսած է Վորոնչենքօ:
Պոսֆորի եւ Տարտանելի նեղուցներով նաւարկութիւնը կը կատարուի Մոնթրէոյի 1936-ի հռչակագիրին հիմամբ: Ըստ այդ փաստաթուղթին, խաղաղութեան ժամանակ Սեւ ծովու աւազանի երկիրները իրաւունք ունին այս նեղուցներէն անցընելու որեւէ տեսակի զինուորական նաւ` այդ մասին նախապէս տեղեակ պահելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները:
Թուրքիա նեղուցը կրնայ փակել միայն պատերազմի ժամանակ եւ պատերազմող կողմերուն դիմաց:



