Եւրոպական խորհուրդը արձագանգած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Սելահաթթին Տեմիրթաշը բանտէն անյապաղ ազատ արձակելու վերաբերեալ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) վճիռը չընդունելու յայտարարութեան:
Գերմանական «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական խորհուրդէն նշած են, որ յոյս ունին, թէ Թուրքիան կարելի եղածին չափ շուտ կը գործադրէ առաջադրուած պահանջը:
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Լիլիան Մաուրի Փասքեր յայտարարութեան մէջ շեշտած է, որ Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանի անդամի կալանաւորումը կ՛ազդէ ո՛չ միայն անոր անձին եւ անհատական, այլ նաեւ ամբողջ խորհրդարանի` ազատ եւ ժողովրդավար պայմաններու մէջ գործունէութեան վրայ, ինչպէս նաեւ սպառնալիք է ամբողջ երկրին մէջ ժողովրդավարական արժեչափերու տարածման համար:
ՄԻԵԴ-ի որոշումին համաձայն, Տեմիրթաշի կալանաւորման համար ներկայացուած հիմքերը բաւարար չեն: Ան պէտք է ազատ արձակուի, իսկ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 10.000 եւրոյի չափով բարոյական եւ 15.000 եւրոյի չափով դատական ծախսերու փոխհատուցում պէտք է վճարեն երեսփոխանին:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ իրենք պիտի չընդունին այդ որոշումը:



