Ինչպէս ծանօթ է, Սաժես ակումբը բաւական լուրջ տագնապի մէջ է եւ անոր կը սպառնայ կախակայում Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ, որ կը գործադրէ ՖԻՊԱ-ի որոշումը:
Այս իրողութենէն մեկնելով, Սաժեսի նախկին պատասխանատուներէն Միշել Ապու Ապտօ այսօր` շաբաթ, 24 նոյեմբերին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընդմէջէն պիտի փորձէ լուծում մը առաջարկել այդ տագնապին:
Մամլոյ ասուլիսը տեղի պիտի ունենայ «Ալեքսանտր» պանդոկին մէջ (Էշրեֆիէ), երեկոյեան ժամը 17:00-ին:



