Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան եկած` Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ Արմէն Տէր Կիւրեղեան այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ:
Դոկտ. Տէր Կիւրեղեան զեկուցեց համալսարանի վերջին շրջանի գործունէութեան, ուսանողութեան թիւի աճի, նոր մասնաշէնքի կառուցման եւ յատկապէս Միջին Արեւելքէն նոր ուսանողներ հաւաքագրելու ծրագիրներուն ու յատկացուող կրթաթոշակի դրութիւններուն մասին:
Յատկապէս վերջին նիւթին առնչութեամբ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան «Ազդակ»-ին տուաւ հարցազրոյց մը, որ մեր ընթերցողներուն սեփականութիւնը կը դառնայ շուտով:



