Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս Իպրահիմ. «Մեր Նպատակն Է Տապալել Ահաբեկչութիւնը Եւ Անոր Բոլոր Գործօնները»

November 24, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով օրուան հրահանգը արձակեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն` հաստատելով, որ անկախութեան ադամանդեայ յոբելեանը պարզապէս առիթ չէ հին էջը փակելու եւ նոր էջ մը բանալու, այլ` անիկա առիթ մըն է, անկախութիւնը դրսեւորելու պետական տարբեր մարզերուն մէջ, ըլլայ ան քաղաքական, ապահովական, տնտեսական թէ ընկերային:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ լիբանանցիները իրենց անկախութիւնը կերտեցին ջանքերով եւ զոհողութիւններով, իսկ անկախութեան այսօրուան մարտահրաւէրը կը մնայ այդ անկախութիւնը իսկական գործադրութեան մէջ դնել` պետականաշինութեամբ, կարողութիւններու բարելաւումով եւ արդարութեան հաստատումով:

Իպրահիմ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը յորդորեց հաւատարիմ մնալու իրենց երդումին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իրենց բոլոր պարտականութիւնները կատարելու` առանց խտրութեան, ցեղապաշտութեան եւ հիմնական արժէքները խախտելու: «Այս առումով կը հաստատենք, թէ որեւէ օրինախախտումի դիմաց պիտի տնօրինուին ծանր պատիժներ, իսկ բոլորին անձեռնմխելիութիւնը օրէնքի սահմաններուն շրջագիծին մէջ կը գտնուի: Այդ սահմանները խախտելու պարագային ո՛չ միջնորդութիւնը եւ ո՛չ ալ հոգատարութիւնը պիտի կարենան խնդրոյ առարկան պատիժէ զերծ պահել», ըսաւ Իպրահիմ:

Ան հաստատեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն մօտ կաշառակերութիւնն ու փտածութիւնը գործ չունին` շեշտելով, որ եթէ նման պարագայ արձանագրուելու ըլլայ, ապա միակ հասցէն դատական իշխանութիւններն ու արդարութեան պալատներն են:

Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ապահովական, վարչական եւ ծառայութիւններու մարզերուն մէջ լիբանանցիները փոխադրած է այլ մակարդակի, որուն անոնք արժանի են:

«Մեր հիմնական նպատակն է տապալել ահաբեկչութիւնը եւ անոր բոլոր գործօնները, յատկապէս բացայայտել իսրայէլեան ահաբեկչական բջիջները եւ արգիլել զանոնք` Լիբանանը ահաբեկչութեան թիրախ դարձնելէ», նշեց ան:

Ապպաս Իպրահիմ իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով, որ միայն առողջ եւ աշխուժ աշխատանքն ու ճիգերը շարունակելով է, որ կարելի պիտի ըլլայ պահպանել Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը եւ առիթ տալ, որ երկիրը վերածուի խաղաղութեան պետութեան եւ իր ընթացքը շարունակէ օրէնքի գերիշխանութեան ներքեւ:

 

 

Նախորդը

«Խաշոկճիի Սպանութեան Պատասխանատուն Աշխարհն Է» Կ՛ըսէ Թրամփ

Յաջորդը

Խորհրդակցական Հանդիպումը Պաշտօնական Հանդիպում Խնդրած Է Վարչապետի Գրասենեակէն

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.