Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Բժշկական Միութիւն. Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի Պարգեւատրման Հանդիսութիւն

November 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղի, Լիբանանահայ բժշկական միութեան կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 21 նոյեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանահայ բժշկական միութեան տան մէջ  տեղի ունեցաւ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով: Լիբանանահայ բժշկական միութեան անունով բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Արտաշէս Սիմոնեան: Ան ըսաւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը սիրուած սրտաբան է բոլորին կողմէ: Ան 1974-էն ի վեր ծառայած է լիբանանեան հասարակութեան: Ան նաեւ գործօն ներկայութիւն ունեցած է  Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ:

Խօսք առաւ տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան: Ան ըսաւ, թէ հաւաքուած ենք տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման հանդիսութեան: Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը յաջող բժիշկ մըն է, մարդիկ կը յիշեն անոր բարի գործերը եւ ծառայութիւնները լիբանանեան եւ հայ հասարակութիւններուն: Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան բեղուն աշխատանք կատարած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ: Ան Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ եղած է, ինչպէս նաեւ Ազունիէ Ազգային բուժարանի խնամակալութեան անդամ եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ։ Ան լայնածաւալ գործունէութիւն ծաւալած է իբրեւ բժիշկ: Այսօր ան կը պարգեւատրուի շնորհիւ իր կարողութիւններուն եւ մարդկային ծառայութիւններուն: Տոքթ. Էճիտեան ըսաւ նաեւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան բեղուն աշխատանք կատարած է Լիբանանահայ բժշկական միութեան մէջ: Ան միշտ ալ իր կարծիքը սիրով ներկայացուցած է եւ միշտ բծախնդիր եղած է հասարակութեան շահերուն նկատմամբ:

Խօսք առաւ Լիբանանի բժիշկներու սենտիքայի նախագահ փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ: Ան մեծ ուրախութեամբ ողջունեց ներկաները` տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի պարգեւատրման առիթով: Ան ըսաւ, թէ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը ճանչցուած է իր մարդասիրական եւ մշակութային ծառայութիւններով: Ան բազմաթիւ պաշտօններ ստանձնած է իր կեանքի ընթացքին: Փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ յայտնեց, որ շատ բան ըսուած է տոքթ. Գարաճրճեանի մասին, բայց ամէնէն կարեւորը անոր տածած յարգանքն է իր շուրջիններուն, ընկերներուն եւ բոլոր զինք ճանչցող մարդոց նկատմամբ: Ան մեծ յաջողութիւն արձանագրած է իր ասպարէզին մէջ: Իբրեւ բժիշկ ան ծառայած է սիրով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ: Ան եղած է մտերիմ բարեկամ իր հիւանդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ:

Իր խօսքի աւարտին փրոֆ. Սայէղ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանահայ բժշկական միութեան` անոր ընկերային, մշակութային եւ մարդկային ծառայութեան համար:

Ապա փրոֆ. Ռեմոն Սայէղ վահանակով պարգեւատրեց տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանը: Իր կարգին, տոքթ. Գրիգոր Էճիտեան յուշանուէր մը յանձնեց փրոֆ. Ռեմոն Սայէղին:

Խօսք առաւ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան: Ան ըսաւ, թէ 50 տարի առաջ նոյն բեմէն սրտի հիւանդութիւններու մասին դասախօսութիւն մը տուած է, իսկ այսօր կրկին նոյն վայրին մէջ կը կանգնի պարգեւատրուելու համար: Ան նշեց, որ իր կեանքի ճանապարհորդութեան 50 տարիներուն ընթացքին ականատես եղած է քաղաքացիական պատերազմին, բայց եւ այնպէս որոշած է չլքել երկիրը, մնալ սիրելի Լիբանանի մէջ եւ օգտակար դառնալ բժշկութեան կարիք ունեցող մարդոց:

Ան ըսաւ, թէ արհեստագիտութիւնը բժշկութեան մէջ կարեւոր երեւոյթ է, բայց  առողջ կեանք ապրելու համար պէտք է չծխել, կենդանական իւղերէն հեռու պէտք է մնալ եւ պէտք է մարզանք ընել:

Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ կը հաւատայ հիւանդին եւ բժիշկին միջեւ զօրաւոր յարաբերութեան, որովհետեւ հասարակութիւնը միշտ ալ կարիքը ունի առողջ միտքով մարդոց:

Ան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց իր ընտանիքին եւ իր կնոջ` Հուրիին, որոնք միշտ նեցուկ կանգնած են իրեն իր ասպարէզի ամբողջ ընթացքին:

Ան ըսաւ, թէ կը պատկանի սիրելի Լիբանանին եւ հպարտ է, որ  ծառայած  եւ բժշկած է հազարաւոր հիւանդներ իր կեանքի ընթացքին:

Ձեռնարկի աւարտին տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան ընդունեց շնորհաւորութիւններ, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Նախորդը

«Դաշնակցութեան Գործած Սխալները»

Յաջորդը

Անկախութենէն Անդին. Լիբանանը` 75 Տարի Ետք

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.