Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով յայտնեց. «Ռուսիա Իսրայէլին եւ Միացեալ Նահանգներուն չառաջարկեց Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցներուն մէկ մասը ջնջել` վերջինիս կողմէ իր ուժերուն սուրիական հողերէն հեռացման դիմաց»:
«Ատոր մօտիկ գաղափարներ կային, սակայն նոյնը չեն եւ չզարգացան: Սակայն կը շարունակենք բոլոր առնչակիցներուն եւ բոլոր կողմերուն հետ, որոնց մասին այժմ կը խօսինք, քննարկել, թէ այդ առումով ի՛նչ կրնանք ընել», նշեց Ռիապքով:



