Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփէն ստացաւ շնորհաւորական հեռագիր մը, որուն մէջ վերջինս շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն զօրակցիլ Լիբանանի ապահովութեան ու խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ բարգաւաճումին:
Թրամփ շնորհաւորեց Լիբանանի մէջ արձանագրուած իրագործումներն ու ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարը:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Քաթարի դեսպան Մոհամետ Հասան Ժապեր Ժապերը, որմէ ստացաւ Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանի իշխանէն գրաւոր նամակ մը, որուն մէջ իշխանը հաստատեց, որ ինք ներկայ պիտի գտնուի Պէյրութի մէջ 19-20 յունուար 2019-ին տեղի ունենալիք բարգաւաճման, տնտեսական եւ ընկերային հարցերու արաբական Դ. վեհաժողովին:
Թամիմ իշխանը մաղթեց, որ այդ խորհրդաժողովը ծառայէ իր նպատակներուն եւ իր ներդրումը ունենայ արաբական համագործակցութեան առումով, ինչպէս նաեւ ամրապնդէ արաբական միացեալ աշխատանքը` ապահովելով արաբ ժողովուրդին բարօրութիւնը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց բանակին եւ երկրին ապահովական իրավիճակին վերաբերող հարցեր:
Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով Սարրաֆ նախագահ Աունին նուիրեց խորհրդանշական եւ հնութիւն նկատուող գնդացիր մը:



