Ծատուրեան. «Այս Իրագործումը Կը Նուիրենք Լիբանանին` Անոր Անկախութեան Տօնին Առիթով»
Օմանի մէջ տեղի ունեցող Արաբական հեծելարշաւի լեռնային 2-րդ ախոյեանութեան առաջին օրը, Լիբանան տիրացաւ մէկ ոսկի եւ մէկ արծաթ մետալի:
Լիբանանի համար այս պատմական ոսկի մետալը ապահովողը հանդիսացաւ Իսսամ Ապու Ժաուտէ` նկատի ունենալով, որ Լիբանան ցարդ որեւէ ոսկի մետալի չէր տիրացած, իսկ արծաթ մետալը ապահովեց Ռաֆիք Իտ:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էր նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:
Ծատուրեան, որ այս ախոյեանութեան գլխաւոր իրաւարարին օգնականն է, այս առիթով յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ.
«Լիբանանի անկախութեան 75-րդ տարեդարձին նախօրեակին արձանագրուած այս բացառիկ իրագործումը իսկապէս պատմական է:
«Ասկէ մեկնելով, այս կարեւոր նուաճումն ու իրագործումը կը նուիրենք Լիբանանին` անոր անկախութեան 75-րդ տարեդարձին առիթով»:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ Նազարէթ Հապիպեան (պատուիրակութեան նախագահ), Քայսար Սալլում եւ Ռոպեր Փաթափութեան:



