Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցիլը ՀՅԴ-ի համար դժուար որոշում չէ եղած, որովհետեւ չմասնակցիլ կը նշանակէ պարտուիլ: «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը, որ ՀՅԴ-ի նախընտրական ցուցակի 3-րդ թիւն է: Ան նշեց, որ ներկայիս չ՛աշխատիր, որեւէ պաշտօն եւ պահեստային պիզնես չունի:
«Կ՛ուզէի, որ նոր Ընտրական օրէնսգիրքը ընդունուէր, եւ քաղաքական ուժերուն ժամանակ տրամադրուէր, որ յարմարէին անոր», նշեց Ա. Խաչատրեան` աւելցնելով, որ այն, որ գործող Ընտրական օրէնսգիրքը հեռու է կատարեալ ըլլալէ, ատիկա փաստ է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ ՀՅԴ-ի համագործակցութիւնը նոր իշխանութեան հետ ընդհատուեցաւ, Ա. Խաչատրեանը ըսաւ. «Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն էր, կ՛ենթադրուէր, որ որոշումները համաձայնութեամբ պէտք է ընդունուէին, բայց յուլիս-օգոստոսին քաղաքական քննարկումները դադրեցան, հաղորդակցութեան խողովակները փակուեցան, եւ այդ ամէնը չէր կրնար չունենալ իր բացասական ազդեցութիւնը: Գործընկերային յարաբերութիւն չկար»:
Ա. Խաչատրեանի համաձայն, դաշինք կազմելը այնքանով սխալ է, որ չես կրնար կարծիք պարտադրել:



