Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան. «ՀՅԴ-ն, Անկախ Ընտրութեան Արդիւնքներէն, Պիտի Չդադրի Հայ Ժողովուրդին Կուսակցութիւնը Ըլլալէ»

November 19, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մենք, առնուազն իմ գնահատումով, կը յաւակնինք բաւական լաւ  ձայներու, քանի որ խորհրդարանը առանց Դաշնակցութեան  պատկերացնելը, կը կարծեմ, որ անկարելի է: Այս մասին «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախկին նախարար Արծուիկ Մինասեան` անդրադառնալով արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի յաղթանակի առիթներուն:

«Պատմութեան ընթացքին ալ սխալ կ՛ըլլայ, որ 128-ամեայ քաղաքական ուժը, որ շատ երկիրներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունի, ներկայացուած չըլլայ խորհրդարանին մէջ: Ատիկա, կարծէք թէ, ժողովուրդը ինքն իր ողնաշարը կոտրելու գործողութիւն ըլլայ», ըսաւ ան:

Ըստ անոր, ՀՅԴ-ն ներկայ պայմաններուն մէջ շատ աւելի մեծ վստահութիւն կրնայ ունենալ, քանի որ արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները շատ են: «Այս բոլորով հանդերձ, շատ կարեւոր է Դաշնակցութեան պատկառելի ներկայութիւնը, որ կարենանք պետութեան դիմադրողականութիւնը բարձրացնել, միւս կողմէ` իշխանութեան կարելիութիւն տանք, որ այդ դիմադրողականութիւնը օգտագործէ մարտահրաւէրներու չէզոքացման համար», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՀՅԴ-ն ընդդիմութեան դաշտին մէ՞ջ պիտի գործէ, Արծուիկ Մինասեան ըսաւ. «Դաշնակցութիւնը միշտ հանդէս կու գայ  պետականութեան ողնաշարի դիրքերէն, եւ անոնք, որոնք կրցած են գնահատել Դաշնակցութիւնը, համագործակցութիւնը աւելի սերտ եղած է, պետական ուղեգիծէն դուրս չէ եկած», ըսաւ ան եւ նկատել տուաւ, որ փորձած են շփոթել պետականութեան ողնաշարին մօտ ըլլալը «կողմ ըլլալով դէմ ըլլալու հետ»:

«Մենք կարեւոր եզրայանգումի եկած ենք, Դաշնակցութիւնը, այսուհետեւ, պիտի բացառէ որեւէ քաղաքական դաշինքի մէջ ըլլալ, եթէ իր ձայնը, դերակատարութիւնը վճռական չէ, այսինքն, եթէ անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը, ձայները կան, իմաստ չկայ, որ մենք նորէն մտնենք այդ յարաբերութեան մէջ», ըսաւ ան:

Դիտարկումին` այսինքն սխա՞լ էր ՀՀԿ-ի հետ դաշինք կազմելը, նախկին նախարարը ըսաւ. «Սխալ բառը քիչ մը կոպիտ ըսուած է, թերեւս  թերացում ըսենք: Թերեւս, առանձին պարագայի ճիշդ չէ, որ մենք այն ժամանակ մտանք դաշինքի մէջ, երբ անոր անհրաժեշտութիւնը չկար», ըսաւ ան:

Հակառակ այս բոլորին, նշեց ան, նոյնիսկ այդպիսի պարագայի, երբ ձայներու  տեսակէտէ Դաշնակցութեան ազդեցութիւնը թէեւ վճռական չէր, բայց ազդեցութիւնը եղած է շատ աւելի, քան այդ ձայները:

Արծուիկ Մինասեան նշեց նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը ստիպուած եղած է  աշխատիլ այն իշխանութեան հետ, որ ձեւաւորած է ժողովուրդը: «Հիմա կը մեղադրեն իշխանութեան հետ համագործակցելու համար, բայց չէ՞ որ ընտրողները ձեւաւորած են այդ իշխանութիւնը, հիմա ի՞նչ ընէր Դաշնակցութիւնը, պայուսակները վերցնէր մէկ կո՞ղմ կանգնէր», հարց տուաւ ան  եւ նշեց, որ ՀՅԴ-ն, անկախ ընտրութեան արդիւնքներէն, պիտի չդադրի  հայ ժողովուրդին կուսակցութիւնը ըլլալէ:

Ան ըսաւ, թէ ներկայիս ընդդիմութիւն չեն կառավարութեան, քանի որ այսօրուան դրութեամբ կառավարութիւնը կը գործէ այն ծրագիրով, որ իրենք ալ հաստատած են, բայց որոշակի շեղումները եղած են, որոնց  արդիւնքով որոշակի քննադատութեամբ հանդէս եկած են:

Անդրադառնալով արդարադատութեան` Արծուիկ Մինասեան ըսաւ, որ վտանգաւոր է իրաւական գնահատականները քաղաքական պիտակով եւ հակառակը ներկայացնելը: Յատկապէս, Հայաստանի Հանրապետութեան 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին առաջադրուած մեղադրանքին առումով, ան ըսաւ, որ «Սահմանադրական կարգի տապալում» արտայայտութիւնը պետականութեան առնչուող գործողութիւն է, եւ պէտք է շատ զգուշ ըլլալ, որ քաղաքական հետապնդումի տպաւորութիւն չստեղծուի:

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեանը Քննարկած Է «Թելեթոն 2018»-ի Ընթացքը

Յաջորդը

Արթուր Խաչատրեան. «Իշխանութիւնը Պատասխանատու Է Բոլորին Համար»

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.