Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան շաբաթավերջին ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին պատասխանատուներուն ամէնէն արագ միջոցին կազմելու նոր կառավարութիւնը, նոյնիսկ եթէ անոր ծնունդը կեսարեան պիտի ըլլայ կամ նորածինը յատուկ խնամքի կարիք պիտի ունենայ, որովհետեւ Լիբանան մեծ թիւով առիթներ կը կորսնցնէ եւ անոր դիմադրողականութիւնը հետզհետէ կը նուազի:
Նախարար Կիտանեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն երկրին մէջ տիրող կացութեան վերաբերեալ իրենց ցասումը արտայայտելու բողոքի ցոյցերու ընդմէջէն: Ան նշեց, որ լիբանանցին պէտք է բողոքի ձայն բարձրացնէ այնպէս, ինչպէս ան փողոց կ՛իջնէ եւ նստացոյցեր կը կազմակերպէ` զօրակցելու համար իր քաղաքական ղեկավարին եւ քաղաքական ուժին, երբ անոր զգացումները թեթեւօրէն վիրաւորուին, մինչդեռ անտարբեր կը մնայ, երբ երկիրը կը գտնուի անդունդի եզրին:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք առաջին ցուցարարը, բողոքողը եւ պաստառով ներկայացողը պիտի ըլլայ` պահանջելու համար կառավարութեան կազմութիւնը, եթէ Տնտեսական խորհուրդները նստացոյց կատարելու որոշում մը տան:
Աւետիս Կիտանեան հաստատեց, որ հակառակ անոր որ անցնող վեց ամիսներուն ընթացքին կառավարութիւնը կը գործէր իբրեւ ընթացաւարտ կառավարութիւն, սակայն զբօսաշրջութեան մարզի աշխատանքը աճ արձանագրած է:
Ան նշեց, որ զբօսաշրջութեան մարզին յատուկ միջազգային եւ համաշխարհային ցուցահանդէսներէն Լիբանանի բացակայութիւնը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան բացակայութիւնը եւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ծախսուող գումարներուն սահմանափակումը կը կաղացնեն այդ մարզին աշխատանքը, «որովհետեւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աշխատանքը կ՛ընթանայ որոշ եղանակի մը ընթացքին ցանելու եւ յաջորդ եղանակին ընթացքին հնձելու հիման վրայ: Զբօսաշրջութեան մարզը այս փուլին դժուարութիւն կ՛ապրի «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութեան հետ իր պայմանագրութիւնը նորոգելու կարելիութիւններ չունենալուն պատճառով: «Վիզիթ Լեպանոն» ընկերութիւնը հիմնական դերակատարութիւն ունեցաւ Լիբանանի զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու եւ բազմազան դարձնելու առումով, յատկապէս եւրոպացի զբօսաշրջիկներուն հետ, որոնց թիւը հասած էր 600 հազար զբօսաշրջիկի, այլ խօսքով` 2017-ի արդիւնքներուն հետ բաղդատած 9,6 առ հարիւր համեմատութեամբ աճ արձանագրուած էր», ըսաւ ան:
Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ ըստ Զբօսաշրջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեղեկագիրին, 2017-ին Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզին մէջ ծախսուած է 7,6 միլիառ տոլար, որ շատ մօտ է լիբանանեան զբօսաշրջութեան մարզի լաւագոյն տարուան` 2010-ին ծախսուած գումարին:
Ա. Կիտանեան նշեց, որ այս տարուան անցնող տասը ամիսներուն ընթացքին զբօսաշրջութեան մարզին մէջ արձանագրուած աճը 30 առ հարիւր է, եթէ զանոնք բաղդատելու ըլլանք նոյն ամիսներու համեմատութիւններուն հետ, որոնք արձանագրուած են 2015-ին, 2016-ին` 17 առ հարիւր եւ 2017-ին` 5 առ հարիւր:
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան վիճակը տօնական օրերուն ընթացքին մտահոգիչ չէ, այնքան ատեն որ ապահովական կայունութիւն կը տիրէ: «Ատիկա յստակ է Լիբանանի մէջ պանդոկներ ապահովելու համեմատութենէն», ըսաւ ան:
Ա. Կիտանեան աւելցուց, որ այս հոկտեմբերին (2018) զբօսաշրջիկներու թիւը 16,67 առ հարիւրի աճ արձանագրած է` բաղդատած անցեալ հոկտեմբերին (2017):
Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ ինք լաւատես է, որ 2018-ին Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկներուն թիւը պիտի բարձրանայ 2 միլիոնի:



