Հովանաւորութեամբ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան, իր աւարտին հասաւ դրամատուներու միջեւ տեղի ունեցած մինի ֆութպոլի մրցաշարքը:
Մրցումները տեղի ունեցան «Սփորթց Էվընիու» մարզադաշտին վրայ (Հազմիէ)` մասնակցութեամբ հետեւեալ դրամատուներուն.
Կեդրոնական դրամատուն, Սոսիեթէ Ժեներալ, Պլոմ, Ժամմալ Թրասթ Պանք, Իհթիմատ Մասրըֆի, Աուտէ, Ֆրանսապանք, Պիպլոս, Ֆըրսթ Նեշընըլ, Եգիպտոս – Լիբանան եւ Լիբանանեան-զուիցերիական դրամատուներ:
Պէյրութի եւ Արաբական երկիրներու դրամատունը տիտղոսը պահեց իր մօտ` աւարտականին 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աուտէի:
Տիտղոսակիր խումբը ստացաւ օդանաւի երթուդարձի 13 տոմս` Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) մասնակցելու համար մրցաշարքի մը, որուն կը մասնակցին տեղական չորս խումբեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան չորս կազմեր:
Նշենք, որ մրցանակաբաշխութեան ընթացքին տրուեցան նաեւ տարբեր տեսակի տիտղոսներ, ինչպէս` լաւագոյն մարզիկ, մարզիչ, բերդապահ, կոլսքորըր, եւ այլն:



