Սեն Ժոզեֆ համալսարանը միջազգային կարեւոր իրագործում արձանագրեց` տիրանալով Փրակի (Չեխիա) 2018-ի միջազգային 5-րդ համալսարաններու տիտղոսին: Արդարեւ, 16 երկիրներուն մէջ ան գրաւեց ընդհանուր դասաւորման առաջին դիրքը:
Տղոց պասքեթպոլի մրցաշարքին Լիբանանի ներկայացուցիչը տիրացաւ ոսկի մետալին, յաղթելէ ետք բաւական զօրաւոր մրցակիցներու` Սպանիոյ եւ Սերպիոյ, յաջորդաբար` կիսաւարտականին եւ աւարտականին:
Ֆութսալի աղջկանց մրցաշաքին Սեն Ժոզեֆ գրաւեց երկրորդ դիրքը (Գերմանիոյ ետին):
Աղջկանց թենիսի մրցումներուն Սեն Ժոզեֆ տիրացաւ` մէկ արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալներու:
Տղոց վոլիպոլի եւ ֆութսալի մրցումներուն, թէեւ Սեն Ժոզեֆ մրցանակային դիրքեր չկրցաւ գրաւել, բայց արձանագրեց բաւական փայլուն արդիւնքներ:
Մրցումներուն աւարտին Սեն Ժոզեֆ համալսարանին պատուիրակութեան նախագահը` Մարուն Խուրի ստացաւ 8-րդ անգամն ըլլալով տեղի ունեցած այս մրցաշարքին տիտղոսը:




