Լիբանանցիները երէկ արթնցան եւ փողոց իջան սովորական օր մը անցընելու եւ շաբաթավերջին սկիզբը յայտարարելու յոյսերով, սակայն…
Լիբանանի երթեւեկը մնայուն կերպով խանգարող աննպաստ օդին եւ անձրեւներուն տեղատարափին կողքին, սակայն, երէկ լիբանանցիին կեանքը դժուարացնող եւ ուղղակի քաղաքացիները տանջող երթեւեկի խճողումին հիմնական պատճառը ուրիշ բան էր. լիբանանեան բանակին կողմէ Կեդրոնական Պէյրութի փողոցներու փակումն էր` Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով տեղի ունենալիք զինուորական շքերթին փորձերը կատարելու նպատակով:
Ասոր կողքին աւելցաւ այն, որ դէպի Ժունիէ տանող մայրուղիին վրայ, Անթիլիաս կամուրջէն վար ինկաւ հսկայ բեռնատար մը, որ երկուքի բաժնուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ երթեւեկի անդամալուծութեան:
Երթեւեկի խճողումը հասաւ այն աստիճանի, որ ամբողջ Լիբանանը կարծէք վերածուած ըլլար հսկայ կառատան մը, ուր իւրաքանչիւրը շրջափակուած էր այլ ինքնաշարժներով, որոնք անշարժ էին:
Երէկուան այս խճողումին ընթացքին արձանագրուեցան հետաքրքրական շարք մը դէպքեր, որոնցմէ սակայն ամէնէն դիպուկն էր պարագան յղի կնոջ մը, որ ծննդաբերութեան համար հիւանդանոց ուղղուելու ընթացքին անմասն չէր մնացած մնացեալ քաղաքացիներուն ճակատագիրէն:
Երթեւեկի խճողումը այդքան բարկացուցած էր քաղաքացիները, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց երկու քաղաքացիներ իրարու հակադրուեցան, եւ հարցը վերածուեցաւ ծեծկըտուքի եւ ապա դանակոծումի, որուն պատճառով վիրաւորուած քաղաքացին ժամեր շարունակ փողոցը արիւն կորսնցուց` մինչեւ Կարմիր Խաչի կամաւորներուն հասնիլը:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը կէսօրէ ետք քաղաքացիներէն ներողութիւն խնդրեց` անոնցմէ խնդրելով հասկացողութիւն ցուցաբերել:
Ապա բանակի հրամանատարութիւնը փոփոխութեան ենթարկեց Լիբանանի անկախութեան 75-ամեակին առիթով կատարուելիք զինուորական շքերթի փորձերուն օրերը: Այդ օրերն են այսօր` շաբաթ, 17 եւ երեքշաբթի, 20 նոյեմբեր` առաւօտեան ժամը 6:30-էն կէսօրէ ետք ժամը 2:00:
Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի շեշտեց, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պատասխանատու է երէկուան տիրած իրավիճակին եւ երթեւեկի ահաւոր խճողումին:
Միւս կողմէ, Պէյրութի մէջ տեղատարափ անձրեւին պատճառով մայրաքաղաքի փողոցները վկայեցին ողողումներ, երբեմն նաեւ կոյուղիներու ջուրերով խառնուած:
Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի խստիւ դատապարտեց այս երեւոյթը եւ պահանջեց հետաքննութիւն բանալ այդ մասին ու պատասխանատուութիւնները ճշդել, որպէսզի հանրային կառոյցներուն դէմ ոտնձգութիւններ գործողները հաշուետուութեան կանչուին:




