Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուան պատրաստ է համագործակցիլ Սէուտական Արաբիոյ հետ` քարիւղի արտադրումը կրճատելու հարցին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ կասեցնել քարիւղի գիներու կտրուկ անկումը, թէեւ ան նշած է, որ դժգոհ չէ նաեւ ցած գիներէն:
«Փրիմիում» տեսակի քարիւղի տակառին գինը վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին 86 տոլարէն հասած է 66-ի, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու այն յայտարարութեան իբրեւ հետեւանք, որ Իրանի քարիւղային մարզի դէմ պատժամիջոցներու հարցին մէջ ժամանակաւորապէս բացառութիւններ պիտի կատարուին Թեհրանի շարք մը մեծ յաճախորդներու, ներառեալ` Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նկատմամբ:



