Խաշոկճիի Եւ Եմէնի Հարցով Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Օրինագիծը Ներկայացուեցաւ Քոնկրեսին
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը մերժեց Պահրէյնի` Եմէնի մէջ պատերազմին մասնակցութեան համար այդ 300 միլիոն տոլար արժողութեամբ զէնքերու վաճառքը արգիլող օրինագիծը` Պահրէյնի ռազմավարական ու զինուորական կարեւորութեան պատճառով:
Օրինագիծը ներկայացուած էր ծերակուտական Ռանտ Փոլի կողմէ, որ դատապարտեց Եմէնի մէջ պատերազմին սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքին Պահրէյնի մասնակցութիւնը:
Ծերակոյտի դեմոկրատական եւ հանրապետական անդամներ նաեւ Սէուտական Արաբիոյ դէմ ներկայացուցին օրինագիծ մը` Եմէնի պատերազմի եւ սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի հարցով:
Օրինագիծը կ՛առաջարկէ արգելքներ եւ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատել այն անձերուն դէմ, որոնք կ՛արգելակեն Եմէնի մարդասիրական օժանդակութեան մատակարարումը, Սէուտական Արաբիոյ զէնք մատակարարելը դադրեցնելը եւ Արաբական դաշինքի պատերազմական օդանաւերուն Միացեալ Նահանգներու կողմէ վառելանիւթի մատակարարումը:
Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Քորքըր յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան պէտք է ասոր գինը վճարէ»:
Նոյն յանձնախումբին անդամ դեմոկրատական ծերակուտական Քրիս Մըրֆի յայտնեց. «Կարելի չէ Խաշոկճիի սպանութեան պատասխանատուութիւնը կրող անձերուն մասին սէուտական հետաքննութեան արդիւնքը ընդունիլ»:
Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս իր կարգին ողջունեց Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան` Խաշոկճիի սպանութեան մեղսակից անձերը պատժելու քայլը` կոչ ուղղելով` սէուտցի ընդդիմադիրներն ու լրագրողները պաշտպանելու նպատակով յաւելեալ աշխատանք ի գործ դնելու:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատեց 17 սէուտցիներու դէմ` Խաշոկճիի սպանութեան անոնց մեղսակցութեան համար:



