Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցով զեկուցող Քեթի Փիրի մանրամասնութիւններ փոխանցած է կառոյցին ներկայացուելիք` Թուրքիոյ հարցով իր նոր զեկուցումին մասին, որով կը պատրաստուի կոչ ուղղելու` դադրեցնելու այդ երկրին հետ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը գրէ, որ Փիրի նշած է, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը իրատեսական չէ, եւ այդ ուղղութեամբ բանակցութիւնները կորսնցուցած են իրենց իմաստը:
Զեկուցողը նշած է, որ թէեւ վերջին շրջանին Եւրոպական Միութիւնը խստացուցած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն նկատմամբ իր վերաբերմունքը, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան սկսած է առաւել մեղմ արտայայտուիլ եւրոպական երկիրներուն մասին, սակայն այդ ամէնը չի փոխեր գոյութիւն ունեցող իրականութիւնը:
«Եւրոպական Միութեան պէտք է տնտեսական ու ժողովրդավարական առումով կայուն Թուրքիա: Այդ իսկ պատճառով պէտք է օգտագործուին հաւանական բոլոր լծակները Թուրքիան Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոպական Միութեան արժէքներուն կապուած պահելու համար», ըսած է Փիրի:
Ան զեկուցումին մէջ նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է` կարելի եղածին չափ մօտ ժամանակին գործադրելու Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու համար Թուրքիոյ ներկայացուած 72 նախապայման հանդիսացող կէտերը, ներառեալ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործող կանոնադրութիւնը եւրոպական չափանիշերուն համապատասխանեցնելու պահանջը:



