Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չորեքշաբթի, 14 նոյեմբերին յայտարարեց, որ Ազրպէյճան գոհ է պիելոռուսական ռազմական սարքերու որակէն եւ ցուցանիշներէն ու մտադիր է ամրապնդել ռազմական համագործակցութիւնը Մինսքի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ալիեւ այս մասին խօսեցաւ Ազրպէյճանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան Կենատի Ախրամովիչի հետ Պաքուի մէջ ունեցած հանդիպման ընթացքին:
Յաջորդ շաբթուան ընթացքին նախատեսուած է Ալիեւի պաշտօնական այցելութիւնը Մինսք:
Նշենք, որ Պիելոռուսիան այս տարի Ազրպէյճանին վաճառած է «Փոլոնեզ» տիպի համակարգեր:



