Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատումէն Ետք. Լիպըրման Հրաժարեցաւ Իսրայէլեան Կառավարութենէն

November 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման երէկ յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն` աւելցնելով, որ իր ղեկավարած կուսակցութիւնը դուրս պիտի գայ կառավարութենէն: Ան ըսաւ, թէ զինադադարի հաստատումը «ահաբեկչութեան առջեւ ընկրկում մըն է, եւ կարելի չէ այս քայլը այլ ձեւով նկարագրել, քան ահաբեկչութեան առջեւ ընկրկում»:

«Կազայի մէջ զինադադարը ահաբեկչութեան դիմաց իսրայէլեան անձնատուութիւն մըն է, եւ մենք կարճ ժամանակի համար հանդարտութիւն կը գնենք… եւ երկար ժամկէտի վրայ ատոր գինը ազգային անվտանգութիւնն է», նշեց ան:

«Զիս հրաժարելու մղեցին երկու շրջադարձային կէտեր` Քաթարի դեսպանին ճամբով Կազային եւ Համասին պայուսակներով դրամ հասնիլը եւ զինադադարը», շեշտեց Լիպըրման` աւելցնելով. «500 հրթիռներու մեր հակադարձութիւնը անբաւարար եւ ոչ ուժեղ էր, ինչ որ կարելի չէ ընդունիլ»:

Ըստ անոր, իսրայէլեան ապահովական մարմինները ճիշդ որոշումներ չեն տուած:

Ընդդիմութեան ղեկավար Ցիփի Լիվնի իր կարգին յայտարարեց. «Ձախողութեան կառավարութիւնը պէտք է մեկնի»: «Չկայ խաղաղութիւն առանց անվտանգութեան: Պէտք է ընտրութիւններ կատարենք եւ իշխանութեան բերենք սիոնական ճամբարի ղեկավարութեամբ արտակարգ իրավիճակի համախմբական կառավարութիւն մը», ըսաւ ան` շեշտելով. «Պիտի վերականգնենք անվտանգութիւնը եւ խաղաղութեան համար պիտի աշխատինք»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցները, մէջբերելով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ աղբիւրներ, հաղորդեցին, որ «եթէ Լիպըրման հրաժարի, պիտի լուծարենք Քնեսեթը եւ արտակարգ ընտրութիւններու պիտի հրաւիրենք»:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նախապէս յղում կատարելով կառավարական աղբիւրի մը հաղորդած էին, որ եթէ Լիպըրման հրաժարի, ապա «Համաս տապալած կ՛ըլլայ աջակողմեան կառավարութիւնը»:

«Լիքուտ» կուսակցութենէն աղբիւր մը յայտնեց, թէ կը նախատեսուի, որ Նեթանիահու ինք ստանձնէ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, եւ «ներկայ ապահովական զգայուն շրջանին կարիքը չկայ արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու»:

Պաղեստինեան դիմադրութեան յանձնախումբերու բանբեր Ապու Մուժահետ յայտնեց. «Լիպըրմանի հրաժարումը Կազայի մէջ (Իսրայէլի) ապահովական ու զինուորական ձախողութենէն ետք դիմադրութեան տեսակարար յաղթանակ է»:

Համաս շարժումի ղեկավարներէն Սամի Ապու Զահրի «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Լիպըրմանի հրաժարականը պաղեստինեան դիմադրութեան դիմաց պարտութեան եւ անկարողութեան խոստովանութիւն է»:

 

Նախորդը

Քոնկրեսին Մէջ. Եմէնի Եւ Խաշոկճիի Հարցով Սէուտական Արաբիան Պատժելու Մօտալուտ Քուէարկութիւն

Յաջորդը

Հնդկաստան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Միացեալ Նահանգներէն Յաւելեալ Կազ Եւ Քարիւղ Ներածելու

RelatedPosts

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական  Ուժերու Եւ Կարողութիւններու  Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»
Գլխաւոր լուրեր

Մեքքայի Դաշինք. «Անմիջապէս Սկսիլ Զինուորական Ուժերու Եւ Կարողութիւններու Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Տեղակայումը»

October 7, 2026
Քաց. «Չարիքի Առանցքը Քայքայուեցաւ,  Եւ Թեհրանին Պիտի Ընենք Այն, Ինչ Որ Հըզպալլային,  Համասին, Ասատին Եւ Հուսիներուն Ըրինք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց 7 Հոկտեմբերի Նախօրեակին Բանակը Դրած Է Առաւելագոյն Մարտական Պատրաստուածութեան Մէջ

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.