Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Վիճայ Կոխալ յայտարարեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ քարիւղ եւ կազ ներածելու գաղափարը:
Հնդկական դիւանագիտութեան պետը լրագրողներուն յայտնեց. «Պատրաստակամութիւն յայտնեցինք առեւտուրի մէջ ընդլայնման իբրեւ միջոցներէն մէկը Միացեալ Նահանգներէն յաւելեալ կազ եւ քարիւղ ներածելու»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներ նոյեմբերի սկիզբը Իրանի քարիւղի արտածման դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարած էին:



