Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսին Մէջ. Եմէնի Եւ Խաշոկճիի Հարցով Սէուտական Արաբիան Պատժելու Մօտալուտ Քուէարկութիւն

November 15, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Քորքըր յայտարարեց, թէ` «կրնանք տարեվերջէն առաջ Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ աջակցիլը դադրեցնելու շուրջ քուէարկութիւն կատարել»` աւելցնելով. «Ռիատի զէնքերու մատակարարումը արգիլելու քայլեր Ծերակոյտին մէջ քուէարկութեան կրնան դրուիլ»:

Ծերակուտական Քորքըր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ծերակոյտը կը սերտէ միջոց մը, որուն ճամբով իր դժգոհութիւնը յայտնէ սէուտցի ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի սպանութեան եւ Եմէնի մէջ տիրող կացութեան նկատմամբ:

«Դժուար է Սէուտական Արաբիոյ հետ զէնքերու գործարքը Ծերակոյտին մէջ ջնջուելէ փրկել», շեշտեց ան` նշելով. «Արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներէն, ինչպէս նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէնէն պահանջեցինք Եմէնի եւ Խաշոկճիի հարցերուն վերաբերեալ վկայութիւն տալ»:

Հանրապետական ծերակուտական Ռանտ Փոլ իր կարգին ամերիկեան «Տը Հիլ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Այժմ յարմարագոյն պահն է, որ Հանրապետական եւ Դեմոկրատական կուսակցութիւնները աշխատանք տանին Սէուտական Արաբիոյ զէնքերու վաճառքը դադրեցնելու»` նշելով. «Բոլորին ծանօթ է, որ Սէուտական Արաբիան մարդկային իրաւանց մարզին մէջ մտահոգիչ ցուցանիշ ունի»:

«Սէուտցի լրագրող Ժամալ Խաշոկճիի դէմ կատարուած ահաւոր ոճիրը Սէուտական Արաբիոյ գործած շարք մը ոճիրներէն մէկն էր, եւ ամերիկացիները սկսած են այդ արարքներուն ուշադրութիւն դարձնել», ըսաւ ան:

Քորքըր գրեց. «Եմէնի մէջ սէուտական պատերազմի քարիւղին գծով կարիքը կ՛ապահովուէր Միացեալ Նահանգներէն, (պատերազմը) պատճառ դարձաւ 10 հազար քաղաքայիններու սպանութեան: Միացեալ Նահանգներու կողմէ զինադադար պահանջելէ երկու օր ետք Սէուտական Արաբիան Հտէյտայի մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծեց: Յստակ է, թէ Սէուտական Արաբիան մեզի մտիկ չ՛ըներ: Հարցումս այս է. «Եմէնի պատերազմը ինչպէ՞ս կրնայ մեր ազգային անվտանգութիւնը պաշտպանել»:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին յայտնեց, թէ ամերիկացի օրէնսդիրներ Եմէնի եւ Խաշոկճիի սպանութեան հարցով Սէուտական Արաբիան պատժելու շուրջ մօտալուտ քուէարկութիւն կը նախատեսեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ նախապէս յայտարարած էր, թէ իրենք Խաշոկճիի սպանութեան հարցով կը սպասեն «արագ եւ մանրակրկիտ» հետաքննութեան մը, որ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկէ անոր սպանութեան մեղսակիցները:

Ան նաեւ նշեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Խաշոկճիի սպանութեան հարցով որեւէ ձայնագրութիւն չէ լսած:

Նոուըրթ նաեւ յայտնեց, որ Եմէնի մէջ սէուտական ղեկավարութեամբ Արաբական դաշինքի օդանաւերու մատակարարումներուն դադրեցումը Խաշոճկիի հարցին առնչուած չէ:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահը «Ամբողջական Պաղ Պատերազմ»-ով Կը Սպառնայ Չինաստանին

Յաջորդը

Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատումէն Ետք. Լիպըրման Հրաժարեցաւ Իսրայէլեան Կառավարութենէն

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.