Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բենիամին Պչաքճեան. «Չկա՛յ «Ներսի» Ու «Դուրսի», Դաշնակցութիւնը Մէկ Է»

November 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը 12-25 նոյեմբերին նախաձեռնած է «Հարցեր` դաշնակցականներին» կենդանի սփռումով կատարուող հաղորդաշարին, որուն ընթացքին հիւրը կը պատասխանէ իրեն ուղղուած հարցումներուն:

13 նոյեմբերին հիւրն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեանը, որ ըսած է, թէ արդէն 128 տարի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ քաղաքական կեանքի կարեւոր դերակատարն է: Քիչ է ըսել, որ անիկա միայն կուսակցութիւն է. Դաշնակցութիւնը նաեւ հայապահպան մեծ առաքելութիւն կը կատարէ սփիւռքի մէջ:

Հայաստանի մէջ յաճախ դրուող տարբերակումին, թէ` «կայ դուրսի ու ներսի Դաշնակցութիւն», իսկ ինքը «դուրսի՞» դաշնակցական է, թէ՞ «ներսի», Պչաքճեանը պատասխանած է. «Ես դաշնակցական եմ, չկա՛յ «ներսի» ու «դուրսի» Դաշնակցութիւն: Եթէ այդպիսի շերտաւորումներ փորձենք գտնել, կարելի է շատ արհեստական շերտաւորումներ մէջտեղ նետել: Չկա՛յ «ներսի» ու «դուրսի», Դաշնակցութիւնը մէկ է: Դաշնակցութիւնը նաեւ գաղափարախօսութիւն է, որ կը միացնէ մեզ բոլորս: Ճիշդ է` կան տարբեր շրջանակներու եւ միջավայրերու մէջ գործող դաշնակցականներ, որոնք Ցեղասպանութեան պատճառով այսօր պարտաւորուած կ՛ապրին սփիւռքի մէջ, սակայն մեր գաղափարախօսութիւնն ու կազմակերպական կարգապահութիւնը բոլորս կը միացնէ»:

Իսկ թէ ինչո՛ւ այդ թեզը շրջանառութեան մէջ կը դրուի, ան կարծիք յայտնած է, որ այս յայտարարութիւնները, որոնց մէջ կան բացասական եւ հակադաշնակցական մօտեցումներ, միշտ եղած են: «Միշտ ալ փորձած են ներկայացնել, որ Դաշնակցութիւնը բաժնուած է,  միշտ փորձած են ղեկավարութեան եւ կուսակցականներու միջեւ արհեստական ճեղքեր գտնել, փորձած են ճեղքեր գտնել «դուրսի» եւ «ներսի» դաշնակցականներու միջեւ, սակայն այս բոլորը ապարդիւն փորձեր են, որովհետեւ, ի վերջոյ, մեզ միացնողը ո՛չ անձնական շահերն են, ո՛չ մեր անձնական մօտեցումներն են, այլ մեր համոզումն է, որ հիմնականին մէջ խարսխուած է մեր ծրագրի եւ մեր կարգապահութեան վրայ, որ մեզի կը պարտադրէ,  որ եթէ անգամ ոմանք ունին տարբեր տեսակէտներ, ատոնք յայտնենք մեր ժողովներուն մէջ, յանգինք եզրակացութիւններու, եւ այդ եզրակացութիւններն ալ դառնան մեզի համար որոշում: Միայն ան, որ մեզ չի ճանչնար, «դուրսի» ու «ներսի» անհեթեթ մեկնաբանութիւն կ՛ընէ», նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Պատասխանելով քաղաքացիներէն մէկուն այն հարցումին, թէ` «սփիւռքի Դաշնակցութիւնը առաջուան նման կ՛օգնէ՞ հայրենիքին», Բիւրոյի անդամը ըսած է. «Օգնել ըսելով ի՞նչ կը հասկնաք: Գիտէք` սփիւռքը դրական տրամադրուածութիւն ունի հայրենիքի նկատմամբ, մենք պէտք է կարենանք օգտագործել այս երեւոյթը, պէտք է այդ ներուժը, որ կայ սփիւռքի մէջ, ուղղորդենք: Սակայն զայն ուղղորդելու համար նախ եւ առաջ պէտք է, որ Հայաստանի մէջ մտայնութիւնները փոխուին: Մենք պէտք է սփիւռքը մասնակից դարձնենք հայաստանեան օրակարգերուն, մասնակից դարձնենք Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման, կրթական համակարգի զարգացման: Առանց սփիւռքը մասնակից դարձնելու` «օգնութիւն» բառը, կը կարծեմ, ժամանակավրէպ է: Մենք միասին պիտի կերտենք այս հայրենիքը: Սփիւռքը ունի իր դերը, որ պէտք չէ անտեսել, բայց նաեւ պէտք է ուղղորդել: Հայրենիքն ալ իր դերը ունի: Հայրենիքը սփիւռքին պէտք է մօտենայ այնպէս, որ կարելի ըլլայ անոր ներուժը ճիշդ ձեւով օգտագործել: Այնպէս չըլլայ, որ սփիւռքը օգնութեան կամ օժանդակութեան հոգեբանութեամբ մօտենայ: Ասիկա օժանդակութիւն չէ, մասնակցութիւն է: Ասիկա լուրջ հարց է, ասոնց միջեւ տարբերութիւն կայ: Եթէ անկախութեան առաջին տարիներուն կարելի էր խօսիլ օգնութեան, օժանդակութեան մասին, այսօր արդէն 25 տարի անցած է, եւ մենք տարբեր փուլի մէջ ենք: Մենք հայրենիք պիտի կերտենք, եւ այդ գործին մէջ, այո՛, սփիւռքը իր ըսելիքն ու ընելիքը ունի»:

 

Նախորդը

Արտահերթ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Դիմում Ներկայացուցած Է 11 Քաղաքական Ուժ

Յաջորդը

Դաշնակցութիւնը Թեր Կը Քուէարկէ Փոխանցման Պիւտճէին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.