Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Տնտեսական Կացութեան Բարելաւումը Պիտի Ըլլայ Նոր Կազմուելիք Կառավարութեան Առաջնահերթութիւնը»

November 14, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը զգայուն է եւ միաժամանակ դժուար` նկատի ունենալով տարիներու կուտակումներն ու Միջին Արեւելքի ու աշխարհին մէջ չնախատեսուած դէպքերն ու տագնապները:

Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ տնտեսական կացութեան դիմագրաւած հարցերուն լուծման համար ճիգի եւ ջանքի կարիք կայ, եւ տնտեսական կացութեան բարելաւումը պիտի ըլլայ կազմուելիք կառավարութեան առաջնահերթութիւնը:

Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ տնտեսական կացութեան դիմագրաւած խնդիրներուն լուծումը արդէն իսկ յստակ է եւ կարիքը ունի բոլորին համագործակցութեան` պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ տնտեսական, ընկերային եւ աշխատաւորական խորհուրդներ:

Նախագահ Աուն այս յայտարարութիւնները կատարեց նախագահական պալատին մէջ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտը, Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Մոհամետ Շքէյրը եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը ընդունելու ընթացքին:

Արպիտ, Շքէյր եւ Ասմար նախագահ Աունին ներկայացուցին երկրին մէջ տիրող տնտեսական, ընկերային եւ աշխատաւորական ներկայ ծանր իրավիճակը:

Քննարկուեցան նաեւ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խոչընդոտող արգելքները:

Նախագահ Աունի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարար Քերիմ Բագրատունի եւ նախկին երեսփոխան Ուալիտ Խուրի:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կը Զօրակցի Կառավարութեան Կազմութեան Հարցի Լուծման Նպաստող Իւրաքանչիւր Դրական Կեցուածքի

Յաջորդը

«Հըզպալլան Պատասխանատու Է Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Խոչընդոտումին, Իսկ Ես Սիւննի Համայնքին Հայրն Եմ Եւ Գիտեմ Անոր Շահերը Պաշտպանել» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.