Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կ՛ակնկալեմ, Որ Նախագահ Մաքրոն Շատ Ամուր Պիտի Ըլլայ Թուրքիոյ Ժխտողական Քաղաքականութեան Դէմ» Կ՛ըսէ Ղազարեան

November 14, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի ծերակոյտի հայ անդամ Տանիէլ Ղազարեանի համաձայն, Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտի 100-ամեակը մեծ կարելիութիւն էր` յիշելու խաղաղութեան արժէքը: Ան այս մասին յայտնած է «Թերթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին:

Ֆրանսահայ ծերակուտականը շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնին, որ այն ժամանակներուն մէջ, երբ կը թուի, թէ «բազմակողմանիութիւնը» կորսնցուցած է իր կշիռը, ան կարեւոր նկատեց օրուան կարելիութիւնը` հաւաքելով բոլոր պատերազմող կողմերը` նշելու դիւանագիտութեան յաղթանակը ուժի կիրարկման դէմ:

«Մէկ դերակատարն ալ բացառելը այդպիսի զգացողութիւն չէր յառաջացներ եւ հակասական պիտի ըլլար վեհաժողովի ոգիին», ըսած է ան` նկատելով, որ այնուամենայնիւ ներկայ էր միայն մէկ երկիր, որ չի հաշտուիր իր սեփական պատմութեան հետ, եւ այդ երկիրը Թուրքիան էր:

Ֆրանսահայ ծերակուտական Տանիէլ Ղազարեանի կարծիքով` Երիտասարդ թուրքերու կողմէ գործուած Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը իսկապէս մինչեւ հիմա Թուրքիոյ դիւանագիտութեան առանձնայատկութիւնն է եւ ազգայնականութեան հիմքը: «Այդ առումով Թուրքիան պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուէր ցեղասպանութեան նիւթով վեհաժողովին եւ քննադատուէր իր ներկայ վարքագիծին համար», ըսած է ան:

Ղազարեան ապա նշած է, որ ինք կ՛ակնկալէ, որ նախագահ Մաքրոն շատ ամուր պիտի ըլլայ Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողական քաղաքականութեան դէմ:

«Ան պէտք է յստակ դարձնէ, որ խաղաղութեան վեհաժողովը Թուրքիոյ համար իր անցեալէն հեռանալու ուղի չէ, այնպէս որ խաղաղութեան տօնակատարութիւնը կարելի է միայն, եթէ բոլոր դերակատարները ճանչնան իրենց գործողութիւններու իրականութիւնը: Ես նաեւ յոյս ունիմ, որ կառավարութիւնը իր դաշնակիցներուն հետ ետ պիտի մղէ այն ճնշումներն ու սպառնալիքները, որոնց հետ կ՛առերեսուին Եւրոպայի մէջ Թուրքիոյ կառավարութեան ընդդիմացողները», ըսած է Տանիէլ Ղազարեան` նշելով, որ այդ ալ հիմնականին մէջ ան փորձած է ներկայացնել նախագահին ուղղուած բաց նամակին մէջ:

 

 

Նախորդը

«Հըզպալլան Պատասխանատու Է Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթի Խոչընդոտումին, Իսկ Ես Սիւննի Համայնքին Հայրն Եմ Եւ Գիտեմ Անոր Շահերը Պաշտպանել» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

«Զինուորական Սպառնալիքի Պարագային Ռուսիան Պիտի Ապահովէ Հայաստանի Անվտանգութիւնը» Կ՛ըսէ Ռուս Երեսփոխան Մը

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.