Հաղորդած էինք, որ կիրակի, 11 նոյեմբերին, տեղի ունեցաւ Պէյրութի միջազգային մարաթոնը` յաջորդաբար 16-րդ տարին ըլլալով:
Անոր մասնակցեցան բաւական մեծ թիւով լիբանանահայեր, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին 23-45 տարիքային տարբեր մրցումներու, իւրաքանչիւրը իր փափաքած վազքին (քիլոմեթրի իմաստով):
Յիշատակութեան արժանի է, որ տղոց 21 քմ-ի մրցումներուն Քարլ-Միշել Աւագեան բաւական լաւ արդիւնք ձեռք ձգելով եւ արձանագրելով 1 ժամ 43′ 45″ արդիւնք մը, հանդիսացաւ երրորդ եւ տիրացաւ պրոնզ մետալի:
Նշենք, որ Քարլ – Միշել 15 տարեկան է (2003-ի ծնունդ) եւ կը յաճախէ Շանվիլ վարժարան:
Կը շնորհաւորենք պրոնզէ մետալակիրը եւ անոր ընտանիքը` մաղթելով նորանոր նուաճումներ:



