Պուքրէշի մէջ (Ռումանիա) 8-11 նոյեմբերին տեղի ունեցած աշխարհի սամպոյի ախոյեանութեան, Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան 3 մետալի, այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան կայքը:
Մարզական սամպոյի մրցաշարքին, 52 քկ դասակարգին մէջ Տիգրան Կիրակոսեան տիրացաւ արծաթ մետալի, մինչ Արսէն Ղազարեան (74 քկ) գրաւեց երրորդ դիրքը:
Իսկ մարտական սամպոյի մրցաշարքին մէջ, Գրիգոր Մխիթարեան (52 քկ) տիրացաւ արծաթ մետալի:
Հայաստանի սամպոյի հաւաքականը Ռումանիա մեկնեցաւ գլխաւոր մարզիչ Վովիկ Խոջայեանի գլխաւորութեամբ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 77 երկիրներու 720 երկսեռ մարզիկներ:



