Լեհաստանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Օլիմփիա 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Փլեթիքինի դէմ:
Մրցումին 28-րդ վայրկեանին Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին նախկին միջնապահ Աղուան Պապիկեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Օլիմփիայի հետ, նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը: Ան 70-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:
Իսկ Լուքսամպուրկի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանին Փրոկրես Նիտերքորն, արձանագրեց 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը Փեթանժի դաշտին վրայ:
Հիւր կազմին հետ տուպլէ մը իրագործեց Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին թեկնածու, 30 տարեկան յառաջապահ Ալեքսանտր Կարապետեան (Ա. կիսախաղին):



