Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, գործող ախոյեան Եուվենթուս շարունակեց մնալ անպարտելի միակ խումբը` 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Ա. Սէ. Միլանի դաշտէն:
Մարիօ Մանծուքիչ (8-րդ) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (81-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը: Ա. Սէ. Միլանէն կարմիր քարտ մը ստացաւ Կոնզալօ Հիկուային (83-րդ):



