Գերմանիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 11-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումին, գործող ախոյեան Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրը եղաւ Պորուսիա Տորթմունտին, կրեց 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Մինչ Տորթմունտ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը, անդին այս պարտութիւնը Պայէրնի համար եղաւ տարեշրջանի երրորդը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Տորթմունտ 27 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը` եօթը կէտի առաւելութիւն մը ունենալով Պայէրնի վրայ (5-րդ):
Մարքօ Ռէօյս (49-րդ` փենալթիով եւ 67-րդ) եւ Փաքօ Ալքասեր (73-րդ) նշանակեցին Տորթմունտի կոլերը, իսկ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (26-րդ եւ 52-րդ)` Պայէրնի կոլերը:



