ՄԱԿ-ի նոր տուեալներուն համաձայն, Վենեզուելայի քաղաքական ու տնտեսական ճգնաժամին պատժառով 2015-էն ի վեր երկիրը լքած է շուրջ երեք միլիոն մարդ:
ՄԱԿ-ի պաշտօնական կայքը կը նշէ, որ տնտեսական ճգնաժամի, սննդամթերքի եւ դեղորայքի սուր պակասի, խիստ սղաճի, ինչպէս նաեւ բռնութեան մակարդակի բարձրացման պատճառով երկրէն արտագաղթած քաղաքացիներուն թիւը յատկապէս վերջին 6 ամսուան ընթացքին կտրուկ աճ արձանագրած է:
Շուրջ 2,6 միլիոն մարդ արտագաղթած է դրացի երկիներ, որոնց ղեկավարները այժմ կը փորձեն լուծել Հարաւային Ամերիկայի պատմութեան մէջ մեծագոյն գաղթականական ճգնաժամի հարցը:
Գաղթականներու հիմնական հոսքը գացած է Քոլոմպիա եւ Փերու: Մասնաւորաբար` աւելի քան մէկ միլիոն վենեզուելացի այժմ ապաստան գտած է Քոլոմպիոյ մէջ. ամէն օր նշեալ երկիր մուտք կը գործեն շուրջ 3000 վենեզուելացի գաղթականներ:
500 հազար վենեզուելացի ապաստանած է Փերու, 220 հազար` Էքուատոր, 130 հազար` Արժանթին, աւելի քան 100 հազար` Չիլի, իսկ 85 հազար` Պրազիլ:
Մնացեալ գաղթականները ապաստան ստացած են աշխարհի միւս երկիրներուն մէջ:



