Պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնակատար Գաբրիէլ Բալայեան կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ բացարձակ սուտ են ազրպէյճանական կողմի պնդումները, թէ հայկական կողմին գերիներու փոխանակման առաջարկ եղած է:
«Մինչեւ իմ` այսօր նախարարութենէն դուրս գալս, պաշտպանութեան նախարարութիւնը նման առաջարկ չէ ստացած: Սովորաբար, նման առաջարկներ մեզի հիմնականին մէջ կու գան Կարմիր խաչի խողովակներով», ըսաւ ան:
Բալայեան նշեց, որ ընդհանրապէս չի պատկերացներ, թէ ինչի մասին է խօսքը, քանի որ ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ ալ Արցախի մէջ ռազմագերիներ կան: «Մենք բաւական թափանցիկ կ՛աշխատինք` այդ հարցին կապակցութեամբ: Եթէ նման նախաձեռնութիւն եղած է, ապա Կարմիր խաչն ալ իրավիճակին կը տիրապետէ եւ կը հասկնայ, որ ատիկա պարզապէս անոնց ներքին կամ թերեւս արտաքին շահառուներուն ուղղուած յայտարարութիւն է, որ որեւէ հիմնաւորում չունի», ըսաւ ան:



