Միացեալ Նահանգներ երկիրներէն պահանջած են Իրանի քարիւղատար նաւերուն չարտօնել մուտք գործել իրենց պատկանող տարածքային ջուրեր կամ հանգրուանել նաւահանգիստներուն մէջ, որովհետեւ ատիկա կը հակասէ Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն:
Բացի ատկէ, արտասահմանեան ապահովագրական ընկերութիւններուն արգիլուած է սպասարկել իրանեան նաւերը:
«Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ նման նախազգուշացում հնչեցուցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը` ընդգծելով, որ ամերիկեան վարչակազմին վարած «Առաւելագոյն ճնշում Իրանի վրայ» արշաւին նպատակն է այնպէս ընել, որ իրանեան վարչակարգը փոխէ իր գործելաոճը:
Միացեալ Նահանգներու Իրանի հարցով յատուկ պատուիրակ Պրայըն Հուք նշած է, որ Իսլամական հանրապետութեան վրայ գործադրուող ճնշումը առաւել արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով նախ եւ առաջ թիրախի վերածուած է երկրի քարիւղի ոլորտը:
Ամերիկեան իշխանութիւններուն կարծիքով, եթէ միւս երկիրները արգիլեն իրանեան քարիւղատար նաւերու իրենց տարածքային ջուրեր մուտքը, Թեհրան միլիառաւոր տոլարներու վնաս պիտի կրէ:
Բացի ատկէ, Հուք յայտարարած է, թէ իրանեան նաւերը դիտումնաւոր կերպով կ՛անջատեն սարքաւորումները, որոնց միջոցով ամերիկեան արբանեակները կը կարենան ճշդել անոնց գտնուած վայրն ու նաւերուն հետեւելու կարելիութիւն կը ստանան:
Հուքի համաձայն, այդ գործելաոճը արդէն կիրարկած է իրանեան շուրջ տասը նաւ: Ամերիկացի պաշտօնատարը ահազանգած է, որ ատիկա կրնայ ծովային, ինչպէս նաեւ բնապահպանական աղէտի պատճառ դառնալ: Անջատուած սարքաւորումները նաւու անձնակազմին կ՛արտօնեն տեսնել մօտակայքը գտնուող միւս նաւերուն գտնուած վայրը, խուսափիլ բախումներէն եւ կապ հաստատել նաւահանգիստներու հետ:
Իրանի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակը նաեւ յայտարարեց. «Իրաքին արտօնեցինք շարունակել ելեկտրականութեան ներածման գինը վճարել»:



